ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ «ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԱՆԻՒԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Երեւանի մէջ բացուեցաւ «Ժամանակի անիւը» խորագրեալ ցուցահանդէսը, նկարիչ Մոնի Յովսէփեան առաջին անգամ ներկայացուց տասն տարուան ընթացքին ստեղծած աշխատանքները։ Այսպէս, կրաֆիք-նկարիչ Մոնի Յովսէփեան «Ժամանակի անիւը» անհատական ցուցահանդէսին առաջին անգամ արուեստասէրներուն կը ներկայացնէ իր տասն տարուան ընթացքին ստեղծած շերտակտաւները (քիւիլթի):
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Շարամբէեան» ժողովրդական արուեստի թանգարանին մէջ:
Այս առթիւ Մոնի Յովսէփեան ըսաւ, որ «շերտակտաւ» բառը ինք յօրինած է: «Կտորներու շերտերը թելով իրար ամրացնելու գործընթացն է. աշխատանք, որու ընթացքին կտորները կտաւի կը վերածուին: Այդ պատճառով որոշեցի «շերտակտաւ» բառը օգտագործել», պարզաբանեց նկարիչը:
Ցուցահանդէսին ընդգրկուած է վեց ստեղծագործութիւն, որոնցմէ հինգը զարդի բնոյթ ունին: «Երախտագիտութիւն՝ դարի երկայնքով» շերտակտաւը Յովսէփեան կը նախատեսէ նուիրել Ֆրիտիոֆ Նանսենի կաճառին: Նկարիչը զայն ստեղծած է՝ փորձելով շնորհակալութիւն յայտնել Նանսենին, որու ջանքերով 1922-ին ստեղծուեցան Նանսենի անձնագրերը՝ արհաւիրքէն փրկուած 320 հազար հայու հնարաւորութիւն տալով քաղաքացիութիւն ստանալ աշխարհի 54 երկրին մէջ: Նանսենի անձնագրեր ստացած հայերու կարգին են՝ Շարլ Ազնաւուրի, գրող Անթոնիա Արսլանի, գործարար Էտուարտօ Էրնեքեանի ծնողները:
«Այս աշխատանքները ստեղծած եմ տասն տարուան ընթացքին: Իւրաքանչիւր կտաւ ինձմէ խլած է շուրջ կէս տարի», նշեց Մոնի Յովսէփեան:
Նկարչուհին զբաղած է գիրքերու նկարազարդումներով, ձեւաւորած է զանոնք, սակայն զինք շատ գրաւած է նաեւ կտորի հետ աշխատանքը:
«Տարիներ առաջ Մոսկուա էի, ուր ասեղնագործութեան հետաքրքրական նմոյշներ կը փնտռէի: Նմոյշները նայելու ժամանակ «պարճելօ» անունով թեքնիքի մը հանդիպեցայ, որու կիրառման համար կտորներ կը հաւաքուին: Երբ մտայ այդ աշխարհ, անդադար նորութիւններ գտայ, եւ այդ մէկը զիս գերեց: Ես կրաֆիք նկարիչ եմ եւ ունիմ գոյնի լաւ զգացողութիւն, սակայն չունիմ գեղանկարիչի թեքնիք: Երբ կը ստեղծեմ այս շերտակտաւները, իմ կրաֆիքը կը վերածեմ գեղարուեստական արժէքի այս կտորներու օգնութեամբ. կտորներ, որոնցմով կ՚աշխատին աշխարհի լաւագոյն ձեւագծողները: Գերագոյն հաճոյք կը ստանամ այս աշխատանքէն», խոստովանեցաւ Մոնի Յովսէփեան:
«Ժամանակի անիւը» ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ երկու շաբաթ: