ՌՈՊԷՐ ՔՈՓԹԱՇԻ «UNUFAK»Ի ԱՐԴԷՆ Բ. ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ռոպէր Քոփթաշի «İletişim» հրատարակչութենէն լոյս տեսած «Unufak» վէպի արդէն երկրորդ հրատարակութիւնը կատարուած է։ Սա Ռոպէր Քոփթաշի առաջին վէպն է, որ գրասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան արժանացած է։ Ռոպէր Քոփթաշ՝ որպէս խմբագիր, հրատարակիչ եւ հրապարակագիր իր ձեռք բերած փորձառութիւնը շատ լաւ արժեւորելով հեղինակած է «Unufak» վէպը։ Այդ ոլորտներէն ներս ոչ միայն իր ձեռք բերած համբաւը, նաեւ վարպետութիւնը լուրջ դեր խաղացած է, որպէսզի «Unufak»ը առաջին իսկ պահէն չնկալուի՝ իբրեւ սկզբնակի մը գործը։ Որքան որ ալ սա հեղինակի առաջին վէպը ըլլայ, Ռոպէր Քոփթաշի ծաւալած բազմակողմանի գործունէութիւնը արդէն իւրաքանչիւր քայլափոխին կը պայմանաւորէ «Unufak»ի յաջողութիւնը։ Այս համայնապատկերին վրայ արդէն անակնկալ մը չի համարուիր «Unufak»ի երկրորդ հրատարկութեան իրականացուած ըլլալը, սակայն, ուշագրաւ է ժամկէտը։ Արդարեւ, «Unufak»ի առաջին հրատարակութիւնը բաւական շուտ սպառած է եւ հրատարակիչները յարմար դատած են երկրորդ հրատարակութիւն մը կատարելու։
Մինչ այդ, «Unufak»ի երկրորդ հրատարակութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Ռոպէր Քոփթաշ վերջին օրերուն գրասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան եւ համակրանքին հերթական անգամ առարկայ դարձաւ TÜYAP-ի գիրքի տօնավաճառէն ներս։ Պէյլիքտիւզիւի ընդարձակ համալիրը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր արդէն գրասէրներու ժամադրավայրը դարձած էր։ Ստեղծուած եռուզեռէն անմասն չմնաց, նաեւ Ռոպէր Քոփթաշ, որ գրասէրներու համար մակագրեց իր գիրքերը։