ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՍԷՐԸ
Երէկ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ ոգեկոչուեցաւ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք՝ մահուան 86-րդ տարելիցին առթիւ։ 10 Նոյեմբերի հերթական ոգեկոչումը վերածուեցաւ Մեծն Աթաթիւրքի նկատմամբ վերանորոգ համատարած սիրոյ՝ հերթական դրսեւորման։ Աթաթիւրքի յուշադամբանը օրուան տեւողութեան մեծ զանգուածի մը ժամադրավայրը հանդիսացաւ։ Պետական աւագանին ալ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, այցելեց «Անըթքապիր»՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։
Մեծն Աթաթիւրքի ոգեկոչման ընդմէջէն բիւրեղացաւ երկրէն ներս միասնականութեան գիտակցութեան շեշտակի արտայայտութիւնը՝ մինչ երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ ոգեկոչումներուն մասնակցեցան հոծ թիւով հայրենակիցներ։
Նախագահ Էրտողան 10 Նոյեմբերի առթիւ յայտնեց, որ եթէ Մեծն Աթաթիւրք եւս տասն տարի ապրած ըլլար, ապա Թուրքիան այսօր բոլորովին տարբեր երկիր մը կրնար ըլլալ։ «Դժբախտաբար իր մահով այդ հնարաւորութիւնը բաց թողեցինք», ըսաւ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Թուրքիա վերջին քսաներկու տարիներուն Հանրապետութեան պատմութեան ամենամեծ ոստումները իրականացուցած է եւ այս ընթացքին պարտաւորուած կուրծք տալ՝ բազմաթիւ յարձակումներու։