«ՆԱԽԱՊԷՍ Ո՛ՒՐ ԷԻՔ…»
Մերձաւոր Արեւելքի բարդ իրավիճակին մէջ Թուրքիա-Իրաք յարաբերութիւններուն շրջագծով յառաջացած խնդիրները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ ձեռնարկուած պայքարի մթնոլորտին մէջ անխուսափելի վերիվայրումներ կը յառաջանան տարածքաշրջանի պետութիւններուն միջեւ։ Միջազգային ընտանիքը ներկայիս վճռական քայլերու կը դիմէ ԻՇԻՊ-ը ոչնչացնելու համար եւ այս ճանապարհին վրայ առաջնահերթ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Սուրիոյ վրայ։ Յամենայնդէպս Սուրիոյ համազօր կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Իրաք, որու տարածքէն ներս կարգ մը շրջաններու մէջ եւս վերահսկողութիւն հաստատուած է ԻՇԻՊ-ի կողմէ։ Այս հանգամանքը ահաբեկչական խմբաւորման նաւթի պաշարներէն օգտուելու առումով ունի մեծ նշանակութիւն։
Թուրքիա վերջին տարիներուն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագծով համագործակցութիւն կը ծաւալէ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան հետ։ Ամենասկիզբին ՓՔՔ-ի եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ ուղղուած էր այդ համագործակցութիւնը, որ ունի նաեւ տնտեսական երեսակ։ Թէեւ ատեն-ատեն Պաղտատի կեդրոնական ղեկավարութեան կողմէ վերապահութեան ձայներ կը հնչեցուէին այս առանցքին շուրջ, սակայն հարցը երբեք այս անգամուան մակարդակին չէր հասած։ Պարզ է, որ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարը բոլորովին նոր իրավիճակ մը ստեղծած է տարածքաշրջանին մէջ։ Բաց աստի, Ռուսաստանի կողմէ Սուրիոյ պարագային կատարուած նախաձեռնութիւնները պատճառ դարձած են, որ Թուրքիա բոլոր առանցքներու վրայ ամրապնդէ իր ազդեցութիւնը տարածքաշրջանէն ներս։ Այս իրավիճակին մէջ Հիւսիսային Իրաքի մէջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած վերջին զինուորական կուտակումներուն վերագրուեցաւ բոլորովին տարբեր նշանակութիւն մը։ Պաշիքայի մէջ հաստատուած ռազմախարիսխէն ներս Թուրքիա արդէն կը մարզէ Հիւսիսային Իրաքի փեշմերկէները ահաբեկիչներու դէմ պայքարելու համար։ Իսկ հիմա փեշմերկէները մարզելու առաքելութեամբ այնտեղ մեկնած թուրք զինուորներուն թիւը հասած է առաւելագոյնի եւ անոնք տեղակայուած են ԻՇԻՊ-ի դիրքերէն շուրջ 10 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Իրաքի ղեկավարութիւնը այս փուլին վերապահութիւն կը դրսեւորէ թուրք զինուորներու ներկայութեան դէմ։ Անգարա-Մոսկուա առկայ լարուածութեան բերումով Ռուսաստանն ալ այս խնդիրը միջազգային բեմահարթակի վրայ օրակարգի վրայ կը բերէ առաջնահերթօրէն։ Ակնյայտ է, որ այս երեւոյթը տարածքաշրջանէ ներս յառաջացած Թուրքիա-Ռուսաստան լարուածութեան տեսանկիւնէն յատկանշական է։ Անգարայի ղեկավարութիւնը այս փուլին թափ տուած է Պաղտատի ղեկավարութեան հետ երկխօսութիւն հաստատելու ջանքերուն։ Մինչ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի վերջին երկու օրերուն այցելեց Անգարա, իսկ Թուրքիայէն պատուիրակութիւն մը երէկ մեկնեցաւ Պաղտատ։ Այսպէս, ՄԻԹ-ի խորհրդատու Հաքան Ֆիտան եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու բազմակողմանի հանդիպումներ ունեցան Իրաքի ղեկավարութեան հետ։ Այսպէս, անոնք տեսակցեցան Իրաքի Վարչապետ Հայտար Էլ Իպատիի, Արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Էլ Ճաֆերիի եւ Պաշտպանութեան նախարար Հալիտ Էլ Ուպէյտիի հետ։ Պաղտատի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ առկայ ճգնաժամին լուծումը կախեալ է թրքական զօրքերու Իրաքէն ամբողջութեամբ ետ քաշուելէն։ Թրքական պատուիրակութիւնը Պաղտատի մէջ շեշտեց, թէ Թուրքիա կը յարգէ Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անոր կը զօրակցի ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի շրջագծով։ Իրաքի ղեկավարութիւնը այս փուլին կը շեշտէ, որ թուրք զինուորներուն ներկայութիւնը ոտնձգութիւն մըն է երկրի գերիշխանութեան դէմ։ Իր կարգին, Մեսուտ Պարզանին ալ երէկ Անգարայի մէջ տեսակցեցաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմէտ Եըլմազի հետ եւ ընդգծեց, թէ թրքական կողմին հետ համաձայնութեան հասած են ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի շրջագծով։
Այս մթնոլորտին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդէս եկաւ վճռական յայտարարութիւններով։ Ան ըսաւ, թէ Թուրքիա Մուսուլէն ետ պիտի չքաշէ իր զինուորները։ «Մեր զինուորները նախայարձակներ չեն, այնտեղ գացած են որպէս կրթողներ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ անցեալ տարի Իրաքի վարչապետը Թուրքիա այցելելու ժամանակ թրքական կողմին պահանջներ ներկայացուցած էր զօրքերու մարզման ուղղութեամբ։ Ասոր վրայ է, որ հիմնուած էր Պաշիքայի ռազմախարիսխը։ «Այս բոլորէն տեղեակ են, իսկ հիմա հարց չի՞ ծագիր, թէ նախապէս ո՛ւր էիք, երբ Պաշիքայի ճամբարը կը ստեղծուէր։ Այդ օրէն մինչեւ այսօր ձայն չհանեցիք, իսկ այժմ նման քայլ մը կ՚առնէք տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն վրայ», ըսաւ Էրտողան եւ յիշեցուց, թէ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը մերժած է Ռուսաստանի առաջարկով այս նիւթը իր օրակարգին վրայ առնելը։ Էրտողան հարց տուաւ նաեւ, թէ Ռուսաստան յանուն ինչի կը գտնուի այնտեղ։ Իր խօսքերով, Թուրքիա երկար ցամաքային սահմաններ ունի Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ, միթէ Ռուսաստանն ալ ունի՞։