ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԱՅԺՄ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԴԱՏԱՎՃՌԻՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատի արդիւնքին շուրջ սպասումը կը շարունակուի։ Սիսի երբեմնի մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսական համալիրի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձի պահանջով բացուած է այս դատը եւ ըստ Անթիլիասի աղբիւրներուն կողմէ նախապէս կատարուած յայտարարութիւններուն՝ արդէն դատավճռի արձակման համար նախատեսուած ժամկէտը հասած է։ Արդարեւ, Անթիլիասի աղբիւրներու ենթադրութիւնները կ՚երթային աշնան ամիսներուն վրայ։
Մինչ այդ, «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը այսօր կ՚անդրադառնայ այս դատավարութեան։ Թերթի աշխատակիցներէն Ալի Չելիքքանի ստորագրութեամբ լոյս տեսած է լրատուութիւն մը, որու վերնագրին մէջ ընդգծուած է, թէ հայկական Սփիւռքը կ՚ուզէ իր վանքը։ Լրատուութեան կցուած են նաեւ սեփականութեան իրաւունքը պահանջուած համալիրէն երկու դրուագներ, որոնցմէ մին կը ցոլացնէ ներկայ վիճակը, իսկ միւսը՝ 1915-ին նախորդած կացութիւնը։ Լրատուութեան մէջ նշուած է, թէ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը տեսակցած է Անթիլիասի փաստաբաններէն Ճէմ Սոֆուօղլուի եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալի ներկայացուցիչ Տ. Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեանի հետ։ Կայ նաեւ լուսանկար մը, որուն ածանցուած բացատրութիւնով կը նշուի, թէ այնտեղ կ՚երեւին փաստաբան Սոֆուօղլու եւ Հայր Մարտիրոսեան, որ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գաւազանակիրն է։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, այնտեղ կայ վրիպում մը, որովհետեւ լուսանկարին մէջ պարզուած անձը ոչ թէ փաստաբան Ճէմ Սոֆուօղլուն է, այլ՝ պատմաբան Թանէր Աքչամ, որ նոյնպէս ներգրաւուած է այս դատին մէջ որպէս խորհրդական։
Սոֆուօղլուի եւ Հայր Մարտիրոսեանի յայտարարութիւններուն հիման վրայ թերթը կը գրէ, թէ ապացոյցները ակնյայտ կը դարձնեն, որ Սիսի Կաթողիկոսարանը բռնութեամբ դատարկուած է։ Հետեւաբար, Անթիլիասի երկու ներկայացուցիչներն ալ նշած են, թէ սեփականութեան իրաւունքը պէտք է վերադարձուի։ Կիլիկեան Աթոռին բուն նպատակը հատուցում ապահովելը չէ, որովհետեւ այստեղ սեփականութեան իրաւունքի հարցին առընթեր, կայ նաեւ պաշտամունքի ազատութեան խնդիր մը։
Ճէմ Սոֆուօղլու նշած է, որ դրական վճիռ մը կ՚ակնկալէ Սահմանադրական ատեանէն, այլապէս հարցը պիտի տեղափոխուի Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեան։