ԵԿԱԾ Է ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան յայ­տա­րա­րեց, որ ե­կած է ա­զատ ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ժա­մա­նա­կը։ Կա­րէն Միր­զո­յեան, որ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կ՚այ­ցե­լէ Ո­ւա­շինկ­թըն, հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գոնկ­րէ­սի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Ա­մե­րի­կա­հայ կազ­մա­կե­րպու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ մէկ­տե­ղուե­լու ա­ռըն­թեր ան մաս­նակ­ցե­ցաւ ԱՄՆ-ի Գոնկ­րէ­սէն ներս Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ա­ւան­դա­կան ձեռ­նար­կին։ Իր շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին եւ Ատր­պէյ­ճան-Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ շփման գծին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած սադ­րանք­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ԱՄՆ-ի կող­մէ Ար­ցա­խին տրա­մադ­րուող մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ շարք մը հար­ցեր։

ԱՄՆ-ի Գոնկ­րէ­սէն ներս Կա­րէն Միր­զո­յեան բա­ցատ­րեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը եւ ընդգ­ծեց, թէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ան­ցած ու­ղին կը վկա­յէ, որ անհ­նար է սահ­մա­նա­փա­կել ժո­ղո­վուր­դի ձգտու­մը՝ ինք­նու­րոյն ո­րո­շե­լու իր ա­պա­գան եւ ճա­կա­տա­գի­րը։ Ան գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րուն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին ցու­ցա­բե­րուած շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։ Անդ­րա­դառ­նա­լով հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին՝ Կա­րէն Միր­զո­յեան մատ­նան­շեց Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ար­դիւն­քին շփման գծին վրայ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը։ Իր խօս­քե­րով, ներ­կա­յիս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ կա­յա­ցած պե­տու­թիւն մըն է՝ պե­տա­կա­նու­թեան բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րով եւ կա­ռոյց­նե­րով, սե­փա­կան Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ, աշ­խոյժ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեամբ եւ զար­գա­ցող տնտե­սու­թեամբ։ Ար­ցա­խ նաեւ կը հան­դի­սա­նայ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւոր գոր­ծօն մը, որ կը նպաս­տէ կա­յու­նու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան։ Ան­կա­խու­թեան տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ ա­պա­ցու­ցա­նած է, որ կը հան­դի­սա­նայ վստա­հե­լի, կան­խա­տե­սե­լի եւ պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծըն­կեր մը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ եւ հե­տե­ւո­ղա­կան է տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան պահ­պան­ման ուղ­ղեալ իր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին Կա­րէն Միր­զո­յեան յայտ­նեց, որ ե­կած է ժա­մա­նա­կը, որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ըն­դու­նի ի­րո­ղու­թիւ­նը ու ճանչ­նայ ա­զատ եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը։

Նոյն հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Տիգ­րան Սարգ­սեան, իսկ բաց­ման ա­ղօթ­քը ար­տա­սա­նեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ո­ւա­շինկ­թը­նի Թե­մա­կան Պա­տուի­րակ Տ. Վի­գէն Արք. Այ­գա­զեան։ Ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­ցան ա­մե­րի­կա­հայ կա­ռոյց­նե­րու եւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, դի­ւա­նա­գէտ­ներ, գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու գրա­սե­նեակ­նե­րէն աշ­խա­տա­կից­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ եւ լրագ­րող­ներ։

Մինչ այդ, Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ սաս­տիկ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ։ Այս ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն ապ­րուած բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կէն Վար­դան Վար­դա­նեան (1994)։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Ար­ցա­խի զօր­քե­րու յա­ռա­ջա­պահ միա­ւոր­նե­րը հա­մար­ժէք պա­տաս­խան տուած են նա­խա­յար­ձակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն դէմ ու կը պաշտ­պա­նեն ի­րենց մար­տա­կան դիր­քե­րը։ Հարկ է նշել, որ թրքա­կան մա­մու­լէն կարգ մը թեր­թեր ալ այ­սօր ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նան, թէ քսան տա­րիէ ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ Ատր­պէյ­ճան հրա­սայ­լե­րով ռմբա­կո­ծած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ ԱՄՆ-ի գոնկ­րէ­սա­կան­ներն ալ Ո­ւա­շինկ­թը­նի ղե­կա­վա­րու­թե­նէն պա­հան­ջե­ցին ե­րաշ­խա­ւո­րել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Իր կար­գին, ԱՄՆ-ի Գոնկ­րէ­սի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Էտ Ռոյս կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի խօս­քե­րը թո­ղ­­լով գոր­ծի անց­նիլ, քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս բռնու­թիւն­նե­րուն վերջ տա­լու հա­մար՝ ո­րով­հե­տեւ սա նաեւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան վի­ճա­կած գործ մըն է։  

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015