ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ շփումներ ունեցաւ Վիեննայի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին բարձր մակարդակով փոխադարձ յաճախակի այցելութիւններուն կապակցութեամբ եւ ընդգծեցին, թէ անոնք նոր լիցք կը հաղորդեն զանազան բնագաւառներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման։
Նալպանտեան եւ Քուրց զրոյց ունեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքի զանազան երեսակներուն շուրջ, քննարկեցին համագործակցութեան խորացման ուղիները, միջազգային կառոյցներու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան սերտացումը, տարածքաշրջանային եւ միջազգային խնդիրները։ Անոնք անդրադարձան նաեւ ԵԱՀԿ-ի օրակարգային հարցերուն։
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Սեպասթիան Քուրց անդրադարձան միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրներուն՝ ահաբեկչութեան դէմ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուած պայքարին, Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն, Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման ուղիներուն։
Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ ձեռնարկուած ջանքերը։ Այս ամբողջին մէջ ան պաշտօնակցին ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման ընդառաջ Պաքուի կողմէ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի սրման ուղղեալ սադրանքներուն վրայ։
Ինչպէս պաշտօնապէս տեղեկացուցած էին Երեւանի աղբիւրները, Եդուարդ Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ այսօր Վիեննայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի հայ դիւանագէտներու հաւաքը։ Այսպէս, սոյն հաւաքին կը մասնակցին Եւրոպայի ցամաքամասի երկիրներուն մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպանները եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ պաշտօնավարող մշտական ներկայացուցիչները։ Նալպանտեան դեսպաններուն հետ կը քննարկէ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի հարցերուն վերջին զարգացումները։