ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ

Հրեայ հա­մայն­քը այս օ­րե­րուն կը նշէ «Հա­նու­քա»ի տօ­նը։ Այս առ­թիւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Պէ­յօղ­լուի մէջ յատ­կան­շա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ։ Քա­ղա­քիս հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ խորհր­դան­շա­կան մո­մա­վա­ռու­թիւն մը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այս մէ­կը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը հա­մա­րուի լոյ­սի տօն։

Իս­թիք­լալ պո­ղո­տա­յին վրայ, «Շիշ­մա­նօղ­լու» ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նար­կի մը առ­թիւ հա­մախմ­բուած էին Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէս Ա. Ուղ­ղա­փա­ռաց Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քը, Հրէից Րա­բու­նա­պետ Րաւ Ի­սաք Հա­լե­ւա եւ Պէ­յօղ­լուի Միւֆ­թի Այ­տըն Եըղ­ման։ Մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նէն ներս մաս­նա­ւոր սե­նեա­կի մը մէջ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը հա­մախմ­բուե­լով կա­տա­րե­ցին միաս­նա­կան մո­մա­վա­ռու­թիւն մը՝ ի­րենց ա­ղօթքն ու բա­րե­մաղ­թան­քը միաց­նե­լով Րա­բու­նա­պետ Հա­լե­ւա­յին՝ հա­մայն աշ­խար­հի եւ Թուր­քիոյ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։ Րա­բու­նա­պե­տը նաեւ հա­կիրճ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ լոյ­սի տօ­նին եւ ա­նոր ի­մաս­տին շուրջ։

 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015