ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ՔԱՅԼԸ

Այս առաւօտ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ գումարուեցաւ Ազգային պատգամաւորական ժողովը՝ ընտրելու համար Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալը։ Սա արդէն վերջին քայլն է Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին, որ այսօր կը հասնի իր տրամաբանական աւարտին։ Ըստ մեր աւանդութիւններուն, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ համախմբուած պատգամաւորները գահ կը բարձրացնեն տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, որ շաբաթավերջի քուէարկութեան արդիւնքով արժանացաւ մեր ժողովուրդի անվերապահ զօրակցութեան։ Աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութեան արդիւնքի տրամաբանական շարունակութիւնը կը հանդիսանայ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի պատրիարք ընտրուիլը։ Այս փուլին թրքահայութիւնն ալ կ՚ողջունէ իր նորընտիր հոգեւոր պետը՝ ակնկալելով, որ անոր օրհնութեամբ եւ իմաստուն մականին ներքեւ կարողանայ կերտել լաւ ապագայ մը եւ իր առջեւ ունենայ ծաղկուն շրջան մը։

Գումգաբուի այս առաւօտեան իրադարձութիւնները իսկապէս պատմական էին թրքահայութեան տեսակէտէ։ Աթոռի զոյգ սրբազանները՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան առաջնորդուեցան Մայր եկեղեցի, ուր նիստի սկիզբին տեղի ունեցաւ աղօթք։ Ապա երկու սրբազանները հրաժեշտ առին եկեղեցիէն եւ սկսաւ օրակարգի գործադրութիւնը։ Առաջին փուլին ելոյթ մը ունեցաւ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։ Նիստը արդէն շարունակուեցաւ դռնփակ, մինչ ժամանակաւոր դիւանի գլխաւորութեամբ յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի համար։ Տեղի ունեցաւ նաեւ պատգամաւորներու ներկայ-բացական եւ վերջին անգամ ստուգուեցան անոնց վերաբերեալ տուեալները՝ վկայականներով հանդերձ։ Ժամը շուրջ 10.30-ին, ժողովին տրուեցաւ դադար մը եւ այդ կարճ արարէն վերջ դռնփակ նիստը շարունակուեցաւ։ Օրակարգի վրայ էին դիւանի կազմութիւնը եւ ամենայն հաւանականութեամբ դիւանի ատենապետի պաշտօնը պիտի ստանձնէր Ֆէրիգիւղի պատգամաւորներէն Օննիկ Նալպանտղազարօղլու։ Պիտի կազմուէր նաեւ քուէախոյզ յանձնախումբ մը։ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի հոգւոյն ի հանգիստ աղօթք մըն ալ նախատեսուած էր օրակարգին վրայ։ Շաբաթավերջի քուէարկութեան արդիւնքը թէեւ ձեւական բնոյթ մը տուած է Ազգային պատգամաւորական նիստին, սակայն շատ կարեւոր է, որ այսօր կ՚ընտրուի նաեւ Կրօնական ժողովի նոր կազմը։

Պատրիարքի ընտրութեան պաշտօնականացումէն վերջ արդիւնքը կը հռչակուի դիւանի ատենապետին կողմէ։ Աւելի վերջ երկու հոգեւորական եւ երկու աշխարհական պատգամաւորի կողմէ նորընտիր պատրիարքը կ՚առաջնորդուի եկեղեցի։ Ժողովը կ՚եզրափակուի դիւանի ատենապետի խօսքով։

Գումգաբուի աղբիւրները երէկ երեկոյեան հաղորդեցին, որ այսօր յետմիջօրէին նորընտիր պատրիարքին համար Հրաշափառի արարողութիւն եւ աջահամբոյր տեղի կ՚ունենայ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2019