ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ «3+3» ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ՀԱՐԹԱԿԻ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԱՌԱՋԻՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի ստեղծման շուրջ ծաւալուած երկարատեւ քննարկումներէն եւ հրապարակումներէն վերջ, երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին ժողով մը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս, փոխ-վարչապետներու մակարդակով տեղի ունեցան երէկուան բանակցութիւնները, որոնց մասնակցեցան Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Իրանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները։ Վրաստան բացակայեցաւ՝ ինչպէս արդէն յայտարարուած էր Թիֆլիզէն։ Թրքական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալ։ Հայաստանի պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահէ Գէորգեան։

Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային բազմակողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Համաձայնութիւն գոյացաւ հարթակի աշխատանքը կեդրոնացնել այն գործնական հարցերուն վրայ, որոնք հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն անոր բոլոր մասնակիցներուն համար։ Այս ծիրին մէջ են վստահութեան բարձրացման միջոցները, համագործակցութիւնը առեւտրատնտեսական, փոխադրութեան, մշակութային-մարդասիրական ոլորտներէ ներս, հակազդեցութիւնը ընդհանուր մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու դէմ։ Երէկուայ բանակցութիւններու մասնակից 5 երկիրներու ներկայացուցիչները ընդգծած են իրենց հետաքրքրութիւնը՝ այս ձեւաչափին Վրաստանի եւս միացման ուղղութեամբ։ Շեշտուած է, որ դուռը բաց կը մնայ Թիֆլիզի համար։ Փոխ-նախարարները քննարկած են ապագայ ընելիքները՝ ոլորտային նախարարութիւններու կամ այլ պետական կառոյցներու հաւանական ներգրաւումով։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ երէկուան ժողովին շուրջ հանդէս եկան յայտարարութիւնով։ Այս առթիւ նշուեցաւ, որ տարածաշրջանային խորհրդակցական այս հարթակի ձեւաւորման ուղղեալ առաջին հանդիպման ժամանակ քննարկուած են տարածաշրջանային հաւանական համագործակցութեան շրջանակները, ինչ որ կ՚ընդգրկէ տնտեսութեան, փոխադրութեան, մշակոյթի եւ մարդասիրական բնագաւառներու վերաբերեալ հարցեր։

Փոխ-նախարար Վահէ Գէորգեան հանդիպման ընթացքին վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը, որով տարածաշրջանային խորհրդակցական հարթակի օրակարգը պէտք է միտուած ըլլայ տարածաշրջանային համագործակցութեան փոխշահաւէտ ու փոխադարձաբար ընկալելի օրակարգի ձեւաւորման՝ զերծ մնալով միջազգային այլ հարթակներու, ներառեալ՝ հակամարտութիւններու կարգաւորման լիազօրութեամբ ձեւաչափերու գործունէութեան կրկնորդումներէն։ Համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու համար խորհրդակցութիւնները՝ հիմնուելով տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու իրաւասութիւններու նկատմամբ յարգանքի եւ ներգրաւման անհրաժեշտութեան վրայ։

«3+3» հարթակի բանակցութիւններուն առընթեր, Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցան նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Սետաթ Էօնալ տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Վերշինինի հետ։ Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էօնալ եւ Վերշինին կարծիքի լայնածաւալ փոխանակումներ ունեցան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգի արդիական զանազան հարցերուն շուրջ՝ շեշտը դնելով տարածաշրջանային խնդիրներու վրայ։ Անոնք այս առթիւ շօշափեցին Սուրիոյ տագնապի, Լիպիոյ իրադրութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի յուսալի կարգաւորման հարցերը։

 Իր կարգին, Վահէ Գէորգեանն ալ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի հետ։ Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդեցին, որ փոխադարձ վստահութեան ու շինիչ մթնոլորտի մէջ քննարկուած են երկկողմանի բնոյթով արդիական հարցեր, նաեւ շօշափուած են միջազգային ու տարածաշրջանային օրակարգի խնդիրները։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2021