ՓԱԿ ԿՂԵՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը այս շրջանին հերթական գայթակղութիւնով հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ «Կովերու պարտէզ» անուանումով ծանօթ ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան գործարքին հետեւանքով։ Ամէն անգամ, որ Երուսաղէմի խնդիրները հայութեան օրակարգին վրայ կու գան՝ ցաւ ու մտահոգութիւն առթելով, խնդիրները լոկ պարագայով մը սահմանափակուած ձեւով չեն ընկալուիր։ Արդարեւ, տասնամեակներէ ի վեր կուտակուած հարցերու ծանր հետեւանքներուն մասին է խօսքը։ Իրարու յաջորդած գայթակղութիւնները դժուար թէ կարելի ըլլայ զանազանել։ Վատառողջ մտայնութեան, վիճելի կառավարման դրութեան եւ յամառօրէն յետաձգուած անհրաժեշտ բարեփոխումներու հանրագումարը հե-տըզհետէ աւելի սուղ կ՚արժէ ու պիտի արժէ հայութեան տեսակէտէ։

«Կովերու պարտէզ»ի գայթակղութիւնով յառաջացած հակազդեցութեան ալիքի պայմաններուն ներքեւ, զանազան հարթութիւններու վրայ վերստին խոշորացոյցի տակ է հայ Երուսաղէմը։ Այս շրջանակին մէջ, «Էրեբունի» կայքէջը վերջերս տեղ տուաւ երկու բաժինով ուշագրաւ յօդուածի մը, որու հեղինակն էր Աթէնքէն Միհրան Քիւրտօղլեան։ Ստորեւ կ՚արտատպենք այս նիւթը՝ հաշուի առնելով, որ հեղինակը տարրականէն շատ աւելի մակարդակի վրայ կը տիրապետէ խնդիրներուն, ունի իր փորձառութենէն բխած դիտարկումներ, որոնք երկար ժամանակի վրայ կը տարածուին։ Յօդուածի շահեկանութեան առընթեր, զայն արտատպելու ժամանակ կը վերահաստատենք մեր սկզբունքային մօտեցումը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ընդհանրական հանգամանքին ի նպաստ, նաեւ մեր բարոյական յարգանքը այն կերպարներուն նկատմամբ, որոնք այժմ պատմութեան սեփականութիւնը դարձած են եւ որոնց անունները նշուած են այս յօդուածին մէջ։ Անշուշտ, բոլորի գործունէութեան երկարաժամկէտ հանրագումարը յետադարձ հայեացքով այսօր կարելի է կշիռքի վրայ դնել եւ այդ արժեւորումը երբեք պատճառ մը չէ անոնց կերպարը ստուերի տակ թողելու տեսակէտէ՝ անկախ տուեալ ժամանակահատուածի բոլոր հանգամանքները։

*

Նորերս լրահոսի նիւթ դարձաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կապուած գայթակղութիւն մը, որ ո՛չ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ: Պարզապէս հանրութիւնը կ՚իմանայ միա՛յն բացայայտուածը, կատարուածէն ետք, եթէ անշուշտ պատրիարքարանի նեղ վերնախաւը, ո՞վ գիտէ՝ ի՛նչ պատճառով, չկարենայ ծածուկ պահել պատահարը: Այս վերջինը անոնցմէ էր, լուրը հանրայնացաւ, ապա պատրիարքարանէն «պատասխանատու» ներկայացուցիչ մը, իբրեւ բացատրական ու արդարացում, երկարաշունչ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց գրեթէ ոչինչ ըսելու համար, բացի ասպարէզ կարդալէ անոնց, որոնք, ըստ հաղորդագրութեան, իբր թէ նախանձախնդրութեամբ Երուսաղէմի հարստութիւնը ազգի հարստութիւն կը սեպեն, բայց եւ այնպէս, եթէ անոնք անկեղծ ըլլային իրենց նախանձախնդրութեան մէջ, ապա ուրեմն վանքի ծախսերուն հոգն ալ իրենցը կը նկատէին… եւ այլն, եւ այլն:

Չգիտցողներուն համար՝ հետեւեալն է գայթակղութիւնը: Սիոնի վրայ վանքին պատկանող շուրջ 10.000 քառակուսի մեթր հողատարածք մը կայ (դժուար գտանելի տարածք՝ Երուսաղէմի մէջ), ուր ամենէն թանկն ու անգտանելին հողակտոր ըսուածն է: Ըսենք նաեւ, որ Յորդանանի եւ Պաղեստինի խստագոյնս պատժելի օրէնքով հրեաներուն հող-տուն վաճառելը դաւաճանութիւն կը համարուի:

Պատրիարքարանի վերնախաւը, գաղտնաբար եւ ոտնակոխելով նոյնիսկ ներքին-միաբանական կանոնակարգը, պանդոկաշինութեան համար աւստրալիացի գործարարի մը 99 տարիներու համար վարձակալութեան տուած է այդ հողաշերտը, որուն 7.000 քառակուսի մեթրին վրայ պիտի կառուցուի եօթնաստղանի հիւրանոց մը: Մինչ պատրիարքարանի ներքին կանոնագրութիւնը որեւէ վարձակալական պայմանագրի համար առաւելագոյնը 49 տարի սահմանած է եւ այդ ալ՝ օրակարգը միաբանական ընդհանուր ժողովին դրուելէ ու անոր հաւանութիւնը ստանալէ ետք միայն: Տակաւին յստակ ալ չէ, թէ վարձակալական համաձայնագիրը 99 տարի ետք վերանորոգելի պայմանո՞վ է, թէ՞ ոչ: Վերանորոգելի կը նշանակէ… մշտական: (Հաւանաբար գործարարը հրեայ է, այլապէս Իսրայէլի սպասարկութեանց համար դժուար մարսելի պիտի ըլլար օտարազգիի մը (գրեթէ) սեփականատիրութիւնը այդ հողաշերտին, այն ալ՝ Սիոնի վրայ):

Գայթակղութեան հանրայնացումէն ետք միաբանութենէն 12 միաբաններ անակնկալի եկած՝ յայտարարութիւն մը ստորագրեցին, իրենց անտեղեակութիւնն ու ընդվզումը արտայայտեցին կատարուած անօրինական գործարքին դէմ եւ պահանջեցին անոր չեղարկումը… Տեսնենք՝ այդ 12 միաբանները իրենց կեցուածքին մէջ հաստատ պիտի մնա՞ն, թէ՞ ոչ: Երանի թէ կարենան դիմանալ հաւանական ճնշումներու, խոստումներու, շանթաժներու…

Ինչո՞ւ շարունակուող այս գայթակղութիւնները, որոնք այլեւս չեն զարմացներ…

Նուիրապետական մեր չորս աթոռներու մէջ միա՛կն է Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը, որ կը շարունակէ շեղած ու զարտուղութեան մէջ մնալ Հայ Եկեղեցւոյ իւրայատուկ ու ինքնատիպ նկարագրէն: Այսինքն զերծ է ան որեւէ հակակշիռէ: Կարճ՝ հոգեւոր ու վարչական առումով փակ կղերապետութիւն է: Մեր եկեղեցիին ԱԶԳԱՅԻՆ ըլլալու նկարագիրը կը շեշտուի այն հանգամանքով, որ կաթողիկոսի-պատրիարքի եւ առաջնորդի թէ՛ ընտրական գործընթացներուն, թէ՛ համայնքային վարչարարական, կալուածներու մատակարարման, կրթական եւ այլ մարզերու աշխատանքներու ծրագրումին, տնօրինման ու գործնականացման մասնակից են նաեւ ազգայիններ, աշխարհականներ: Առանց այդ մասնակցութեան՝ չենք կարծեր, որ արդարացուած պիտի ըլլար մեր եկեղեցիին տրուած ԱԶԳԱՅԻՆ կոչումը, յատկանիշը:

Այնքան ատեն որ պատրիարքարանի թանգարանին ու կալուածներուն վերահսկողութիւնն ու տնօրինումը կը մնան վանական վերնախաւի երկու-երեք աստիճանաւորներու մենաշնորհը, մենք պիտի շարունակենք լսել միա՛յն բացայայտուած գայթակղութիւններու մասին, ու… պիտի չզարմանանք: Բայց պիտի չլսենք ծածուկ-գաղտնի սայթաքումները:

Հայկական Երուսաղէմի կղերապետութեան մասին ի՞նչ դիրք ու ըսելիք ունին նուիրապետական միւս աթոռները: Ի՞նչ ըսելիք ու ընելիք ունի յատկապէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ ի հոգեւորս մեծաւորն է, որ կը ձգտի ըլլալ նաեւ բոլորին վերակացուն:

Աւելի քան երեսուն տարիներ անցած ըլլալուն՝ ճշգրիտ թուականը չեմ յիշեր: Եղիշէ Պատրիարքի յառաջացեալ տարիքի օրերուն էր: Սաղիմահայ կեանքը խռովութեան մատնուած էր տեղւոյն դաշնակցականներուն եւ պատրիարքին միջեւ ծայր առած սուր հակադրութեան պատճառով: Փոխադարձ ատելութիւնը հասած էր այն աստիճանին, որ պատրիարքը, ըստ իր ըսածին «ստիպուած եղած է» փողոցի արաբ հեղինակութիւններու դիմելու՝ անոնց վստահելով վանքի պաշտպանութիւնը «հաւանական յարձակումի մը դէմ»: Ձգտուած այդ կացութիւնը մեղմելու-հարթելու եւ կողմերը փոխհասկացողութեան մը առաջնորդելու պարտականութեամբ Երուսաղէմ կը գտնուէի: Ահա առիթը, որուն համար հոն էի: Բայց ըսելիքս կապ չունի այդ առիթին հետ, այլ կապ ունի, չեմ գիտեր՝ քանիերորդն ըլլալով, գայթակղութեան մը եւ առաջարկի մը հետ:

Նոյն այդ օրերուն ահաւոր հակադրութեան մէջ էին նաեւ Եղիշէ Պատրիարքն ու Շահէ Արքեպիսկոպոսը, որոնք երկար տարիներ հաշտ ու ներդաշնակ եւ իրարու հաւատարիմ գործակիցներ եղած էին եւ անհաւանական չէ նաեւ, որ միասին հեղինակ եղած ըլլան անխոստովանելի գայթակղութիւններու: Անոնց հակադրութիւնը վերածուած էր սուր թշնամանքի եւ նոյնիսկ հրապարակաւ՝ մամուլի մէջ զիրար կը պարսաւէին հայհոյանքի այնպիսի գռեհիկ բառերով, զորս մինչ այդ անձս չէր լսած ու որեւէ տեղ չէր կարդացած: Գաղութի խռովութիւնն ալ պատրիարքը կը վերագրէր Շահէ Արքեպիսկոպոսի հրձիգութեան:

Չեմ գիտեր հին գործակիցներու իրարու դէմ այդ ոխերիմ թշնամանքը անձնական-ենթակայական պատճառներ ունէ՞ր, թէ՞ ոչ: Բայց կ՚ենթադրեմ, թէ քաղաքական հաշուարկ պէտք էր ունենար:

Շահէ Արք. պատրիարքին կողմէ ամբաստանուած էր ինքնագլուխ, գաղտնի, ստորագրութիւններ կեղծելով ու զեղծարարութեամբ հրեաներուն վանապատկան կալուածներ վաճառած ըլլալու ծանրագոյն յանցանքով, վտարուած էր ան Երուսաղէմի միաբանութենէն եւ կ՚ապրէր իր անձնական շքեղ առանձնատան (վիլլա) մէջ, ուր մտնողը ապշահար կը մնար հնամենի ու թանկարժէք իրերու առատութիւնը տեսնելով: Թէ ինչպէ՞ս տէր դարձած էր նման շքեղ վիլլայի մը եւ ինչպէ՞ս ձեռք ձգած էր այդքան առատ ու թանկարժէք հնութիւններ, հանելուկ մըն էր, որուն պատասխանը միայն ինք գիտէր… Անկասկած որ խորհրդակատարութիւնները այդքան հարստութեան տէր չեն դարձներ ոեւէ եկեղեցական:

Ափիս նայելով՝ չեմ կրնար գուշակել, թէ Շահէ Արքեպիսկոպոսին վերագրուող վաճառքներուն մասին պատրիարքը իսկապէս տեղեակ չէ՞ր, թէ՞ տեղեակ էր: Բայց Եղիշէ-Շահէ թշնամանքի այդ օրերուն արար աշխարհ տեղեակ էր, որ միջազգային բեմի վրայ միջինարեւելեան կնճռի լուծման ճիգերն ու քաղաքական-դիւանագիտական խմորումները մտած էին այնպիսի փուլի մը մէջ, որ քաղաքական դիտողներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, լրագրական շրջանակներ խորապէս կը յուսային, որ շատ մօտալուտ է այլեւս արաբ-Իսրայէլ ընդհանուր ու վերջնական հաշտութիւնը: Եթէ իրականանար այդ հաշտութիւնը, յորդանանեան խստագոյն օրէնքը բնականաբար թիրախ պիտի դարձնէր ոչ միայն հրեային կալուած վաճառող անձ(եր)ը, այլ նաեւ անհաւանական չէր սպառնալիք մը՝ նոյնինքն պատրիարքարանի գոյութեան: Կ՚ենթադրեմ, թէ վարչագէտ ու կեանքի մեծ փորձ ունեցող Եղիշէ Պատրիարքի հաշուարկներուն մէջ նկատի առնուած պիտի ըլլայ այս պարագան ալ… Ուրեմն, յանցանքը բեռցնել միայն մէկ անձի ու զայն վտարել միաբանութենէն՝ փրկելով սեփական անձը եւ պատրիարքութիւնը հաւանական վտանգէ…

Երուսաղէմ ժամանումէս մէկ կամ երկու օր ետք պատրիարքին հրաւէրով ճաշի իր հիւրը եղայ: Միայն երկուքս էինք: Լսած էի, որ որոշ ժամանակ առաջ ունեցած էր ուղեղային թեթեւ խռնում մը եւ՝ ապաքինած:

Ո՛վ որ ճանչցած է Եղիշէ Պատրիարքը, պիտի հաստատէ ինծի պէս, որ ան ունէր մարդոց հետ հաղորդակցելու այնպիսի ջերմութիւն, այնպիսի անմիջականութիւն եւ «հում» խօսքի իւրայատկութիւն, նաեւ՝ զուարթ խօսքի վարպետութիւն, որ շուտով հանգամանքներու անջրպետն ու պաշտօնականութիւնը կը չքացնէր, բայց եւ կը տիրապետէր պահին վրայ, իրմով կը լեցնէր մթնոլորտը եւ պահը կը դարձնէր այնքան մտերմիկ, անկեղծութեամբ պարուրուած: Հիմա իսկ կը յիշեմ, թէ ինքզինքս որքա՛ն «փոքր» կը զգայի իր ներկայութեան, բայց եւ այնպէս իր ստեղծած պահը ինծի կու տար համարձակութիւնը, որ իրեն ըսեմ, թէ Եղիվարդ բանաստեղծը, ինքը, իր անունը պիտի դրոշմէ պատմութեան մէջ նաեւ իբրեւ բարեկարգիչ պատրիարք, եթէ իր օրով պատրիարքութիւնը որդեգրէ ազգային սահմանադրութիւնը կամ անոր նման կանոնագրութիւն մը եւ աշխարհականներ եւս մասնակից դարձնէ՝ վանքի կալուածներուն ու թանգարանային հարստութեան տնօրինումի ու վերահսկողութեան գործերուն մէջ: Աւելցուցի նաեւ, թէ պայման չէ, որ աշխարհականները անպայման Երուսաղէմէն կամ Յորդանանէն ըլլան, սփիւռքի մէջ ձեռնհաս ազգայիններ շատ կան, որոնք սիրով պիտի կատարեն այդ պարտականութիւնը շատ աւելի արդիւնաւոր ու թափանցիկ, քան՝ կրօնական կոչումով եկեղեցիին նուիրուած վանականները, որոնք զուրկ են շուկայական յարաբերութեանց փորձառութենէն:

Տպաւորութիւնս այն եղաւ, որ առաջարկս նորութիւն չէր իրեն համար: Բայց շատ կարճ լռութենէ ետք խոստացաւ իրապէս մտածել այդ մասին: Ինծի թուեցաւ, որ լուրջ էր իր խոստումը: Յիշենք, որ յառաջացեալ տարիքի մէջ էր եւ արդէն ուղեղային խռնում մը ունեցած էր նախապէս:

Կը շարունակեմ ենթադրել, թէ այդ խոստումը իր հիւրը գոհացնելու պարզ շրթունքի ծառայութիւն մը չէր: Մտածե՞ց բարեկարգիչ ըլլալու մասին, բայց չհասա՞ւ իրագործելու: Պատասխանը հետը տարաւ: Ամէն պարագայի, ան պատմութեան մէջ պիտի յիշուի իբրեւ Եղիվարդ բանաստեղծ պատրիարք:

Իսկ պատրիարքութիւնը ազգային սահմանադրութեամբ մը օժտելու բարեկարգութեան օրակարգը կոտտացող վէրքի մը պէս բաց կը մնայ, որուն դարմանումը թէեւ շատ դժուար է, բայց անկարելի չէ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2021