ՓՐՈՖ. ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ ՍԹՈՔՀՈԼՄԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ՆՈՊԵԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու երէկ Նոպելի տնտեսական մրցանակը ստացաւ՝ ձեռամբ Շուէտի Քարլ Կիւստաւ ԺԶ. թագաւորին։
Սթոքհոլմի Համերգատան մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Նոպելի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որ ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս ամբողջ միջազգային հանրութեան անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։ Նոպելեան մրցանակները կը տրուին բժշկութեան, գրականութեան, տնտեսութեան, տարրաբանութեան եւ բնագիտութեան բնագաւառներուն մէջ։ 2024 թուականի պարգեւները յանձնուեցան փառաշուք արարողութիւնով մը։ Դափնեկիրները յայտարարուած էին անցեալ սեպտեմբերին եւ ի շարունակութիւն երէկ երեկոյեան կազմակերպուած հանդիսութեամբ բոլորին յանձնուեցան իրենց պարգեւներն ու մրցանակները։ Անոնք, որոնք կը նուաճեն Նոպելեան մրցանակ, կը ստանան վկայական մը, մետայլ մը, նաեւ աւելի քան 1 միլիոն տոլար դրամական պարգեւ։
Երէկուան մրցանակաբաշխման հանդիսութիւնը համախմբեց հրաւիրեալներու ընտրանի մը։ Այսպէս, Շուէտի արքունիքի անդամներուն առընթեր, երեկոյթին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Ուլֆ Քրիստերսոն, նախարարներ, Սթոքհոլմի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Եէօնէթ Ճան Թեզէլ, օտարերկեայ դիւանագէտներ, պարգեւատրեալներն ու մերձաւորները, նաեւ այլ հիւրեր։ Շուէտի թագաւորը յանձնեց փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլուի մրցանակը, որուն ան տիրացած էր Սայմըն Ճանսընի եւ Ճէյմս Ռոպինսընի հետ միասին։
Տարօն Աճէմօղլու մրցանակը ստանալէ վերջ յայտնեց, թէ իր կեանքի ամենաերջանիկ օրերէն մին ապրած էր։
Միւս կողմէ, 2024 թուականի Նոպելի խաղաղութեան մրցանակը տրուեցաւ Ճաբոնի «Նիհոն Հիտանքիօ» կազմակերպութեան, որ աշխարհի հիւլէական զէնքերէ մաքրագործման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տանի։ Այդ կազմակերպութեան մրցանակն ալ յանձնուեցաւ՝ Նորվեկիոյ մայրաքաղաքը Օսլոյի մէջ կազմակերպուած արարողութիւնով մը։