ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը ներ­կա­յիս գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է հեր­թա­կան յատ­կան­շա­կան գիր­քը, ո­րու հե­ղի­նակն է ֆրան­սա­հայ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան Մի­շէլ Մա­րիան։ «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն. քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ար­դա­րու­թեան, պատ­մու­թեան մէջ բա­րո­յա­գի­տու­թեան հա­մար տեղ մը բա­նալ» խո­րագ­րեալ այս գիր­քը ֆրան­սե­րէն բնա­գի­րէն թարգ­մա­նած են Ա­լի­ճան Թայ­լա եւ Սի­րէն Ի­տե­մէն։ Թէ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րէն վերջ… Այս հար­ցադր­ման պա­տաս­խա­նի ո­րո­նում­նե­րուն շրջագ­ծով «Ա­րաս»ի խմբագ­րու­թիւ­նը ըն­թեր­ցա­սէր­նե­րուն կը հրամց­նէ Մի­շէլ Մա­րիա­նի այս գոր­ծը։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիոյ եւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ ներ­կա­յիս կ՚ապ-րըւին հա­րիւր տա­րի ա­ռա­ջուան նման զանգո­ւա­ծա­յին բռնու­թեան դէպ­քեր, ո­րոնք կը խո­չըն­դո­տեն խօսքն ու գա­ղա­փա­րը։ Այս­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Մի­շէլ Մա­րիա­նի գիր­քին նշա­նա­կու­թիւ­նը ան­տա­րա­կոյս կը բարձ­րա­նայ։ Աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն կազ­մա­կեր­պուած ան­ցեալ տա­րուան ո­գե­կո­չում­նե­րուն լոյ­սին տակ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ հեր­թա­կան ան­գամ մտա­ծե­լու, թէ այս պատ­մա­կան դէպ­քը ի՞նչ կը նշա­նա­կէ այ­սօր։ Նիւ­թը մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը թա­պու մը կը հա­մա­րուէր Թուր­քիոյ մէջ, ուր վեր­ջին շրջան­նե­րուն կը հրա­տա­րա­կուին գիր­քեր, կը կազ­մա­կեր­պուին խորհր­դա­ժո­ղով­ներ ու զա­նա­զան հա­ւա­քոյթ­ներ, մաս­նա­ւո­րա­բար բա­նա­վէ­ճի ուղ­ղեալ ծրագ­րեր։ Յա­մե­նայն­դէպս, Մի­շէլ Մա­րիա­նի գիր­քին թարգ­մա­նու­թիւ­նը հրա­տա­րա­կե­լու ժա­մա­նակ, «Ա­րաս»ի խմբագ­րու­թիւ­նը հա­շուի ա­ռած է այն հան­գա­ման­քը, թէ հար­ցը չու­նի միայն պատ­մա­կան բնոյթ մը, այլ իր զա­նա­զան չա­փում­նե­րով կ՚ա­ռըն­չուի ներ­կա­յին ու ա­պա­գա­յին հետ։ Հա­յե­րու եւ թուր­քե­րու մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թեան, հա­մա­ձայ­նու­թեան ու խա­ղա­ղու­թեան ա­պա­հով­ման տե­սա­կէ­տէ շատ կա­րե­ւոր խաչ­մե­րու­կի մը վրայ կը գտնուի հայ­կա­կան հար­ցը, որ ու­նի Թուր­քիոյ ա­պա­գա­յին վրայ լոյս սփռե­լու նե­րու­ժը։

Մի­շէլ Մա­րիան գիր­քին մէջ նշել կու տայ, թէ հա­յե­րու եւ թուր­քե­րու մի­ջեւ կա­պե­րու խզուած ըլ­լա­լու ե­րե­ւոյ­թը ճա­կա­տա­գիր մը չէ։ Դա­րեր շա­րու­նակ միաս­նա­բար ապ­րած այս եր­կու հնա­մե­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կրնան հա­սա­րա­կաց ա­պա­գայ մը կա­ռու­ցել։ Այս նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար հե­ղի­նա­կը անհ­րա­ժեշտ կը հա­մա­րէ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան մտայ­նու­թեան մը հե­տա­մուտ ըլ­լա­լը, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ ար­դա­րու­թեան ձեռք­բե­րում­նե­րուն հի­ման վրայ ախ­տա­ճա­նա­չում­նե­րու կա­տա­րուի­լը։

Մի­շէլ Մա­րիան սե­րած է ըն­տա­նի­քէ, մը ո­րու ար­մատ­նե­րը կը հաս­նին մին­չեւ Էրզ­րում։ Իր գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րուն ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը սպան­նուած են 1915-ին։ Ան 1952 թուա­կա­նին ծնած է Փա­րի­զի մէջ, ուր մաս­նա­գի­տա­ցած է փի­լի­սո­փա­յու­թեան վրայ։ 1992 թուա­կա­նէն ի վեր Մի­շէլ Մա­րիան կը դա­սա­ւան­դէ Փա­րի­զի Քա­ղա­քա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կա­ճա­ռին (IEP) մօտ։ Կ՚աշ­խա­տակ­ցի զա­նա­զան պար­բե­րա­թեր­թե­րու։ 2009 թուա­կա­նին Ֆրան­սա­յի մէջ Ահ­մէտ Ին­սէ­լի հետ միա­սին գրի ա­ռած է «Երկ­խօ­սու­թիւն հայ­կա­կան թա­պուին վրայ» խո­րագ­րեալ գիր­քը։ Տա­րի մը վերջ՝ 2010-ին այդ գիր­քին թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թեան լոյս ըն­ծա­յած է «Ի­լե­թի­շիմ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը։

«Ա­րաս»ի կող­մէ լոյս ըն­ծա­յուած ներ­կայ գործն ալ նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է՝ որ­պէս­զի Թուր­քիոյ մէջ հե­տաքր­քիր շրջա­նակ­նե­րը վե­րա­հա­սու դառ­նան ֆրան­սա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նի մօ­տե­ցում­նե­րուն եւ մտա­հո­րի­զո­նին։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016