ՃԷՅՄՍ ՈՒՈՐԼԻՔ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք մեկնած է Լոնտոն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ խորհրդակցութիւններու մասնակցելու նպատակով։ Ան Անգլիոյ Արտաքին եւ համագործակցութեան նախարարութեան մօտ խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ հիմնախնդրի կարգաւորման հեռանկարներուն առընչութեամբ։
Միւս կողմէ, տարեմուտի դրութեամբ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը ստանձնած Գերմանիոյ Պաքուի մօտ դեսպանը՝ Հայտրուն Թեմփէլ յայտնեց, թէ Պեռնի իշխանութիւնները կը խոստանան մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նկատմամբ։ Ըստ դեսպանին, Գերմանիա կը խոստանայ աւելի մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձնել սառեցեալ հակամարտութիւններու կարգաւորման հարցը, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ «ԵԱՀԿ-ի մօտ գերմանական նախագահութեան ամենակարեւոր առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը», յայտնեց Հայտրուն Թեմփէլ։