ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՔԱՅԼ

«Փոր­թա­գալ» գե­ղա­րուես­տի տու­նը այս շա­բա­թա­վեր­ջին կեան­քի պի­տի կո­չէ ե­զա­կի ծրա­գիր մը։ Այս­պէս, ան պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ Թուր­քիոյ ա­ռա­ջին լուռ ա­ճուր­դը։ Սա ան­նա­խըն­թաց նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն է՝ այս բնա­գա­ւա­ռէ ներս խոր ա­ւան­դու­թեան մը խորհր­դա­նի­շը դար­ձած այս հաս­տա­տու­թեան բնո­րոշ։ Լուռ ա­ճուր­դը պի­տի ղե­կա­վա­րեն յայտ­նի հնա­բան Ռաֆ­ֆի Փոր­թա­գալ եւ իր դուստ­րը՝ Մա­յա Փոր­թա­գալ-Պի­թար­կիլ։

Տե­ղա­կան մա­մուլն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նայ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան։ Ա­ճուր­դի հա­նուե­լիք գե­ղա­րուես­տա­կան գոր­ծե­րը Ամս­թեր­տա­մէն բե­րուած են Իս­թան­պուլ։ Այդ գոր­ծե­րը ընտ­րուած են նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ։ «Փոր­թա­գալ» գե­ղա­րուես­տի տու­նը վստա­հու­թիւն կը յայտ­նէ, թէ ա­ճուր­դի հա­նուե­լիք ըն­տիր նմոյշ­նե­րը պի­տի հարս­տաց­նեն ի­րենց նոր տէ­րե­րու հա­ւա­քա­ծո­նե­րը։

Ա­ճուր­դին բա­ցու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս շա­բա­թա­վեր­ջին ու պի­տի շա­րու­նա­կուի շա­բաթ մը։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2017