ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ի­րա­նի դես­պան Սէ­յիտ Քեա­զըմ Սա­ճի­տիի եւ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի դես­պան Մու­համ­մէտ Նի­յազ Պա­տիի Մա­շու­լո­վի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան նշեց, որ Ի­րա­նի եւ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի հետ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բարձր մա­կար­դա­կը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ ա­ռա­ւել սեր­տաց­նե­լու տնտե­սա­կան կա­պե­րը երկ­կող­մա­նի հար­թու­թեան վրայ, ինչ­պէս նաեւ ծա­ւա­լե­լու ե­ռա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն։ «Մենք շա­հագրգ­ռուած ենք զար­գաց­նե­լու Հա­յաս­տան-Ի­րան-Թիւրք­մե­նիս­տան ե­ռա­կող­մա­նի տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նինք ա­ւելց­նե­լու մեր եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ապ­րան­քաշր­ջա­նա­ռու­թեան ծա­ւա­լին ա­ճը եւ 2017 թուա­կա­նի աշ­խա­տան­քա­յին ա­ռա­ջին օ­րուան այս հան­դի­պու­մը կը վկա­յէ մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նկատ­մամբ տրուող կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին», ը­սաւ Կա­րա­պե­տեան։

Ի­րա­նի եւ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի դես­պան­նե­րը շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին Նոր տա­րուան առ­թիւ ու մատ­նան­շե­ցին, որ ի­րենց եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը կը կա­րե­ւո­րեն Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­լայ­նու­մը ու պատ­րաստ են քննար­կել այդ ուղ­ղու­թեամբ հե­տա­գայ քայ­լե­րը։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան քննար­կուե­ցան մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տէն ներս ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներն ու հե­ռան­կար­նե­րը։ Ար­ծար­ծուե­ցան ու­ժա­նիւ­թի պա­շար­նե­րու մա­տա­կա­րար­ման եւ հա­մա­տեղ նա­խագ­ծե­րու վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման հի­ման վրայ կող­մե­րը հա­մա­ձայ­նե­ցան՝ հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քա­յին խումբ մը ձե­ւա­ւո­րե­լու եւ յստակ ծրագ­րե­րը ա­ռար­կա­յա­կան քննարկ­ման են­թար­կե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան դես­պան­նե­րուն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ի­րենց դիր­քո­րո­շում­նե­րուն հա­մար նաեւ կա­րե­ւո­րեց միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու աշ­խոյժ աշ­խա­տան­քը։ Այդ յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ հար­թակ են փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ հար­ցերն ու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը կեան­քի կո­չե­լու հա­մար։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2017