ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԼԱՒՐՈՎԻ ՀԵՏ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս խօսակցութիւնը, որու ընթացքին նախարարները կանգ առին Սուրիոյ ճգնաժամին վրայ։ Անոնք առաջնահերթօրէն քննարկեցին Անգարայի եւ Մոսկուայի ջանքերով հաստատուած հրադադարին վերաբերեալ հարցեր։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով կարծիքներ փոխանակեցին Սուրիոյ ճգնաժամի ծիրէն ներս հետագայ հաւանական իրադարձութիւններուն շուրջ։ Թուրք եւ ռուս նախարարները անդրադարձան նաեւ Աստանայի գործընթացին։ Ծանօթ է, որ ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին՝ որպէսզի Աստանայի մէջ սեղանի մը շուրջ համախմբուին Սուրիոյ ներքին պատերազմի բոլոր կողմերը։ Հարկ է յիշեցնել, որ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատն ալ վերջին օրերուն դրական տրամադրութիւնով արտայայտուած էր Աստանայի գործընթացին մասին։