ԴՐՈՒԱՏԱԼԻՑ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

«Անատոլու» գործակալութիւնը նախընթաց օր արձագանգ հանդիսացաւ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանին։ Գործակալութիւնը յատուկ թողարկում մը կատարելով՝ իր բաժանորդներու նկատառման յանձնեց այս յոբելեանը՝ թղթակիցներէն Չիյտէմ Ալեանաքի ստորագրութեամբ։ Իսկապէս դրուատալից արձագանգ մըն էր այս մէկը։ Թողարկումը կատարուեցաւ Համաշխարհային գործող լրագրողներու օրուան շարժառիթով եւ ընդգծուեցաւ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը աշխարհի հնագոյն փոքրամասնական թերթն է։ Գործակալութիւնը այս թողարկումին կցած է բազմաթիւ լուսանկարներ։ Այս թողարկման պատրաստութեան համար թղթակից Չիյտէմ Ալեանաք եւ լուսանկարիչներէն Օնուր Չոպան միասնաբար այցելած էին խմբագրատունս։ Գործակալութիւնը թողարկած է լուսանկարչին կողմէ այս առթիւ կատարուած նկարահանումներէն դրուագներ, ինչպէս նաեւ թերթիս վերաբերեալ իր արխիւէն հին դրուագներ։ Ներկայացուած լուսանկարներուն մէջ կան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունէն տեսարաններ, թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի դիմանկարները, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի առաջին համարը եւ մեր հիմնադիրներուն՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրներու դիմանկարները։ Ընդ-գըծուած է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Թուրքիոյ մէջ 110 տարիէ ի վեր կը հրատարակուի անընդհատ։

Թերթի պատմութեան եւ առաքելութեան առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ երեսակներու բացատրութեան զուգահեռ՝ թողարկման մէջ շեշտուած է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ունի պատմական արխիւի մը բնոյթը, որովհետեւ եղած է թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան եւ թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ականատեսը։ Մասնաւորապէս շեշտուած է, որ վերջին տարիներուն ստեղծուած համացանցային կայքէջով ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր հասանելի է աշխարհի չորս կողմերուն։

Յոբելեանին առթիւ կատարուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձ եղած է նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Այս առթիւ Արա Գօչունեան յայտնած է, որ պոլսահայերը բոլորէն աւելի մեծ եռանդով մը կը պաշտպանեն Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը՝ բնական պատճառներով։ Ան մաղթած է, թէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կը ստանան հարեւաններու յարիր վիճակ մը։

«Անատոլու» գործակալութեան կողմէ Արա Գօչունեանի հետ կատարուած հարցազրոյցի տեւողութեան շօշափուած է նաեւ հայկական հարցը։ Գործակալութիւնը մէջբերած է իր խօսքերը, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ներկայիս աշխարհի վրայ 1915 թուականին ականատես եղած եւ այսօր իր հրատարակութիւնը շարունակող սակաւաթիւ թերթերէն մին է։ Մնացեալ բոլոր թերթերը կը հրատարակուին արտասահմանի մէջ եւ ընդհանրապէս կուսակցական լրատուամիջոցներ են։ Արա Գօչունեան նշած է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ անկախ օրաթերթ մը եղած է իր գոյութեան ողջ տեւողութեան։ Թերթի հին թիւերուն մէջ կան այդ շրջանին վերաբերեալ կարեւոր տեղեկատուութիւններ։ «Մեր թերթը հայ-թրքական յարաբերութիւններու պարագային կը խոր-հըրդանշէ բաժակի լեցուն մասը։ Բաժակի ընդհանուրին մէջ լեցուն մասը որքան որ ալ նուազ համեմատութիւն մը կազմէ, յամենայնդէպս մենք կը պատկանինք այդ բաժնին», ըսած է Արա Գօչունեան։

Թողարկման մէջ նշուած է, որ թերթի հաւաքածոյին մեծ մասը կը գտնուի Պէյազըտի Պետական գրադարանին մէջ։

Միւս կողմէ, երէկ «Միլլիյէթ» օրաթերթն ալ արձագանգ հանդիսացաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին։

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2018