ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Եւրոմիութեան դիւանագիտական ու անվտանգութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան, Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսըն, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ ժողով մը գումարեցին Պրիւքսելի մէջ։ Այս հանդիպումը զուգադիպեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշման հետեւանքով միջազգային բեմահարթակի վրայ վիճարկուիլ սկսած է Իրանի միջուկային գործարքին վերաբերեալ համաձայնութիւնը։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը սկսած է իր շահերուն ներհակ համարել այդ համաձայնութիւնը։ Այսօր, Ուաշինկթընի մէջ Տանըլտ Թրամփ կը յայտարարէ այս հարցին վերաբերեալ ԱՄՆ-ի վերջնական դիրքորոշումը եւ Պրիւքսելի երէկուան հաւաքը զուգադիպեցաւ Թրամփի որոշման հրապարակման ճիշդ նախօրեակին։ Երէկուն քննարկումներու լոյսին տակ յայտնի դարձաւ, որ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի միջեւ տարաձայնութիւնները կը խորանան այս հարցին շուրջ։ Եւրոպական կողմը հարասարակաց դիրքորշում մը ունի Իրանի վերաբերեալ հարցին շուրջ եւ այդ մէկը վերահաստատուեցաւ Պրիւքսելի երէկուան հաւաքին ժամանակ։ Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու չեղարկումը դրական ազդեցութիւն գործած է միջազգային առեւտուրի վրայ։ Ան յիշեցուց, որ Իրանի միջուկային գործարքին վերաբերեալ համաձայնութիւնը բազմակողմանի է ու երաշխաւորուած՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումով։ Իր խօսքերով՝ համաձայնութիւնը կը բանի ու կու տայ արդիւնքներ։ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնն ալ ցարդ ինն տեղեկագրեր պատրաստելով հաստատած է, որ Իրան հաւատարիմ է համաձայնութեան։ Մոկերինի նշեց, որ Եւրոմիութիւնը վճռական է համաձայնութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ։

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը այս համաձայնութիւնը կը պաշտպանէ ամէն տեսակ սպառնալիքի դէմ։ Այդ համաձայնութենէն հրաժարիլը շատ մեծ սխալ մը կ՚ըլլայ։ Պորիս Ճանսընն ալ յայտնեց, որ ցայսօր չէ եղած աւելի լայն այլընտրանք մը կամ աւելի լաւ գաղափար մը յղացող։ «Եթէ կայ աւելի լաւ լուծում մը առաջարկող, ապա անմիջապէս ի յայտ թող բերէ այդ մէկը», ըսաւ անգլիացի նախարարը։

Իր կարգին, Ճեւատ Զարիֆն ալ յայտնեց, որ ԱՄՆ պէտք է հասկնայ միջազգային հանրութեան մօտ ստեղծուած միասնականութիւնը եւ ըստ այդմ պէտք է փոփոխութեան ենթարկէ իր դիրքորոշումը։ Հարկ է նշել, որ Ճեւատ Զարիֆ Պրիւքսելի երէկուան ժողովէն առաջ այցելեց նաեւ Մոսկուա։

Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ վերջին տեղեկագիրը պատրաստած էր անցեալ Նոյեմբերին։ Այս առթիւ տեղեկացուած էր, որ Թեհրան կը յարգէ այս համաձայնութենէն բխած բոլոր պատասխանատուութիւնները։

Ուրբաթ, Յունուար 12, 2018