ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՄԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Փարիզի «Անաքօ» տափանաւը ֆրանսական մայրաքաղաքէն ներս դարձած է ուրոյն կէտ մը, ուր հայկական մշակոյթի, ժառանգութեան եւ ընդհանրապէս հայաշխարհի օրակարգի հարցերուն շուրջ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Վերջերս, «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ, Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ հետաքրքրական հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ այս տափանաւու վարչութեան ատենապետ Սարվէն Էօզալթընի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս հարցազրոյցը։

*

«Անաքօ» տափանաւը կը գտնուէր իր մնայուն վայրէն տեղահանուելու վտանգին դէմ յանդիման եւ առ այդ նաւուն վարչութիւնը կը սպառնար դատարան դիմել սխալը սրբագրելու նպատակով։ Մինչ այդ դիմեց իր համակիրներու ստորագրահաւաքին, որպէսզի պաշտպան կանգնին ու բողոքեն քաղաքապետարանի կայացուցած որոշումին դէմ։ Ի վերջոյ ժողովրդային միահամուռ զօրակցութեան շնորհիւ քաղաքապետարանը յետս կոչեց իր որոշումը եւ տասնամեայ նոր պայմանագիր կնքեց տափանաւուն հետ։

-«Անաքօ» տափանաւուն պայքարը յաջողութեամբ պը-սակուեցաւ եւ այսուհետեւ պիտի կարենաք աւելի հանդարտ պայմաններու մէջ գործադրել ձեր բազմամշակութային ծրագրերը։ Բայց նախքան այդ, պէտք է ըսել, թէ խրախուսիչ էր այդ դժուարին օրերուն ի սփիւռս աշխարհի հայութեան զօրակցութիւնը, երբ շուրջ 16 հազար հոգի մասնակցեցաւ տափանաւը նոյն տեղը պահպանելու ի նպաստ ստորագրահաւաքին։

-Նախ ըսեմ, որ բացի բազմահազար ստորագրութիւններէն, հայ թէ օտար մամուլին դրական արձագանգն ալ նպաստեց մեր յաջողութեան։ Տասնեակներով յօդուածներ լոյս տեսան ֆրանսական կարեւորագոյն լրագրերուն մէջ։ Նաեւ քաղաքական պատասխանատու մարմիններու հետ մեր տեսակցութիւններն ալ մեծ ազդեցութիւն ունեցան։ Անոնք զարմացած էին, որ մեր կազմակերպութեան պէս գործօն կառոյցի մը նկատմամբ նման որոշում կայացուած էր։ Ինչպէս տեղեակ էք, մենք պետութենէն որեւէ նպաստ չենք ստանար, աւելին՝ հինգ պաշտօնեայի աշխատավարձ կը վճարենք։ Պէտք է ըսել, որ չկայ չարիք առանց բարիք, նկատի ունենալով որ պետական պատասխանատուները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու մեր գործունէութեան եւ առ այդ գնահատանքի խօսքեր ըսին ու դրուատեցին ցարդ տարուած աշխատանքը։ Անշուշտ դժուար պահեր էին մեզի համար, քանի որ ամբողջ եօթ ամիս մեր ներուժը յատկացուցինք այս պայքարին, բայց ուրախ ենք ի տես ժողովրդային զօրակցութեան։ Հոս առիթէն օգտուելով շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեզի թիկունք կանգնած անձերուն, կազմակերպութիւններուն ու մամուլին։

-Վերջին հաշուով ձեր կատարած աշխատանքին համար է որ «վարձատուեցաք» եւ մարդիկ անդրադարձան, որ «Անաքօ»ն իր իւրայատուկ տեղը ունի Փարիզի մշակութային կեանքին մէջ, ուր կը ներկայացուին տարբեր ազգութիւններու երաժշտութիւնները։ Այսինքն նաւը ձեւով մը «musique du monde»ի կեդրոնի՞ վերածուած է։

-Առաջին օրէն տափանաւուն յայտագրերը կ՚ընդգրկէին կորստեան վտանգի ենթակայ ազգութիւններու մշակոյթներուն վերաբերող ծրագրեր։ Փարիզի քաղաքապետարանը այս նպատակին համար տափանաւուն վայր տրամադրած էր։ Հայկական մշակութային եւ երաժշտական ծրագրերը իրենց բնական տեղն ունէին այս ծիրէն ներս։ Այսօրուան դրութեամբ, տարուան ընթացքին երկու ամիսներ նուիրուած են հայկական մշակութային կեանքին՝ հոկտեմբերը եւ ապրիլը։ Այլապէս միւս ամիսները յայտագրերուն 90 տոկոսը կը տրամադրուի այլ ժողովուրդներու մշակոյթին եւ երաժշտութեան, իսկ 10 տոկոսը հայկականին։

Այս առումով «Անաքօ»ն այսօր ճանչցուած է իբրեւ «musique du monde» ունկնդրելու կարեւոր հասցէ մը։

Հետաքրքրականը այն է, որ մեր ձեռնարկներուն ներկայ գտնուող օտար հանդիսատեսները «Անաքօ» մուտք գործելով կը ծանօթանան հայ մշակոյթի երեւոյթներու, կը զգան հայկական մթնոլորտ մը, նոյնիսկ եթէ կ՚ունկնդրեն այս կամ այն ազգի երաժշտութիւնը։ «Անաքօ» սրճարանը միակն է կարծեմ Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին, որ կը հրամցնէ հայկական գինի՝ Կարաս, Տակառ, Նորավանք, գարեջուր՝ Կիլիկիա... եւ հիւթեր, յաւելեալ՝ ճաշատեսակներ։ Աւելցնեմ, որ մեր կեդրոնը այցելողներէն շատերը -մեծ մասամբ երիտասարդներ-, մեզմէ լսելով Հայաստանի մասին աւելի ուշ այցելած են մեր երկիրը եւ վերադարձին մեզի պատմած են իրենց ունեցած լաւ յիշատակներու մասին։ Այլ խօսքով մենք նաեւ դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան կը նպաստենք առանց մասնաւոր ջանք թափելու։ Մեր ծրագրերու մասին օրը օրին կայքէջով (penicheanako.org) տեղեակ կը պահենք հանրութիւնը։

-Տափանաւուն վրայ դուք բացի երաժշտական ձեռնարկներէ, կը կազմակերպէք նաեւ ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ, կը ներկայացնէք նոր հրատարակուած գիրքեր եւ ունիք շարժանկարի ցուցադրութիւններ։ Ընդհանուր առմամբ «Անաքօ»ն տարին քանի՞ ձեռնարկ կը հիւրընկալէ։

-Ձեռնարկները բազմազան ու բազմաթիւ ըլլալով դժուար է յստակ թիւ մը տալ, բայց մեծ հաւանականութեամբ 250-300 երեկոյթներ ու ցերեկոյթներ տեղի կ՚ունենան։ Աւելցնեմ, որ նաւը շաբաթը վեց օր բաց է, միայն երկուշաբթի օրերը կը գոցենք։ Կը փորձենք շաբթուան այդ վեց օրերուն համար ալ պատրաստել յայտագրեր, որոնց միջին հաշուով, 15 տոկոսը հայկական է։

«Անաքօ»ի շնորհիւ բազմաթիւ հայ արուեստագէտներ, հայկական երաժշտական խումբեր կամ հայերու ղեկավարութեամբ ստեղծուած խումբեր յայտնաբերուած են նաւուն վրայ։

-Ի՞նչ կ՚ըսէիք երիտասարդներու մասնակցութեան մասին։ Անոնք ի՞նչ թիւ կը կազմեն։

-Անշուշտ յաճախ խումբերով երիտասարդներ կու գան, բայց պիտի փափաքէինք, որ անոնց թիւը շատ աւելի մեծ ըլլար։ Կրնամ ըսել, որ տափանաւը զանազան շրջաններէ եկող հայերուն իրարու ծանօթանալու առիթ կ՚ընծայէ։ Օրինակ՝ Լիոնէն, Մարսէյէն, նոյնիսկ Հայաստանէն փոքրիկ խումբեր կու գան եւ իրենց շնորհները ներկայացնելով հանրութեան մէջ կը ճանչցուին։

Նաեւ պէտք է դիտել տալ, որ նաւուն սրահը շատ աժան վարձով կը տրամադրենք, ինչ որ ձեռնտու է մա՛նաւանդ երիտասարդներուն համար։ Գիտէք, մարդիկ շատ գոհ են մթնոլորտէն եւ տափանաւը իրենց տունը կը համարեն։

-Վերջին հարցում մը։ Քաղաքապետարանի հետ ձեր այս առճակատումի աւարտին ի՞նչ ձեռք ձգեցիք։ Քաղաքապետարանը ի՞նչ պայմաններով ընդառաջեց ձեր դիմումին։

-Հին պայմանագրով՝ որպէսզի նաւը իր տեղը պահէ՝ պէտք էր տարին անգամ մը դիմում ներկայացնէինք։ Իսկ ներկայի համաձայնագիրը տասը տարուան համար է։ Նաեւ՝ Վիլէթի աւազանին դիմացի կողմը պիտի անցնինք, որու ամենէն մեծ առաւելութիւնը այն է, որ այլեւս ստիպուած չենք ամրան շրջանին Paris plage-ի պատճառով ուրիշ տեղ փոխադրուելու։ Հիմա կրնանք տարին տասներկու ամիս անշարժ հոն կենալ ու գործունէութիւն ծաւալել։

Շաբաթ, Յունուար 12, 2019