ՃԱՄԲԱԲԱԺԱՆԻ ԳԱԳԱԹ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ, երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ճամբաբաժանի գագաթաժողով մը։ Այսպէս, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի մէջ մէկտեղեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Անցեալ նոյեմբերի 9-ին այս երեք ղեկավարները ստորագրած էին Արցախի ռազմական գործողութիւններու վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը։ Շուրջ երկու ամիս անց, այդ նոյն ձեւաչափով տեղի ունեցաւ երէկուան գագաթաժողովը։ Հրադադարի համաձայնութեան ստորագրադիր ղեկավարները Քրեմլինի պալատէն ներս վարեցին՝ չորս ժամ տեւած բանակցութիւններ, որոնց աւարտին անոնք ստորագրեցին նոր յայտարարութիւն մը։ Այժմ, յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններով՝ Մոսկուա, Երեւան եւ Պաքու որոշած են ստեղծել փոխ-վարչապետներու մակարդակով աշխատանքային խումբ մը, որու առաջին ժողովը տեղի պիտի ունենայ մինչեւ ամսավերջ։ Արցախի ռազմական գործողութիւններուն վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը կ՚ենթադրէր Հարաւային Կովկասէ ներս հակամարտութեան հետեւանքով տարիներէ ի վեր փակ մնացած հաղորդակցութեան եւ փոխադրութեան միջոցներու ապաշրջափակումը։ Սա, անխուսափելիօրէն, ծնունդ տուած է բազում նոր հարցականներու, որոնց յստակ պատասխանները այս պահուն գոյութիւն չունին։ Երէկուան գագաթաժողովը եւ անոր զուգահեռ ստորագրուած յայտարարութիւնը կարեւոր կը համարուին այդ հարցականներու պատասխանը գտնելու տեսակէտէ։ Բայց եւ այնպէս, ըստ երեւոյթին, տակաւին բաւական վաղ է վերջնական հանգամանքներու շուրջ խօսելու համար։ Երէկուան յայտարարութիւնով հրապարակուած այս նոր համաձայնութիւններու կեանքի կոչուիլը թէեւ կ՚ենթադրէ տարածքաշրջանային ձեւաչափերով փոխել Կովկասի տնտեսական դիմագիծը, սակայն, հորիզոնին վրայ մնալ կը շարունակեն բարդ ու կնճռոտ բոլոր խնդիրները։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Մոսկուա մեծ կարեւորութիւն կը վերագրէր երէկուան գագաթաժողովին։ Արդարեւ, ռուսական կողմը Հարաւային Կովկասէ ներս ստեղծուած նոր իրավիճակի հիմնական մղիչ ուժերէն մին է եւ արդէն աշխատանքի ձեռնարկած է, որպէսզի իր նախաձեռնութիւններով տարածքաշրջանի նոր իրադրութեան ենթագետինը ստեղծուի։ Այդ նոր ենթագետինի ձեւաւորման ճանապարհին Ռուսաստան բոլոր կարելիութիւնները ունի իր որդեգրած նպատակները հետապնդելու։ Որպէս Արցախի պատերազմին մէջ յաղթանակ տարած կողմ՝ Ատրպէյճանն ալ այս փուլին զերծ է վտանգներէ՝ մասնաւորապէս, որ կը վայելէ նաեւ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը։ Ամենախոցելի վիճակին մէջ կը գտնուի Հայաստան, որ ծանր պարտութիւն մը կրած է պատերազմի հետեւանքով եւ ներկայիս կը դիմագրաւէ նաեւ ներքին քաղաքական լուրջ տագնապ մը։ Թէ ի՞նչ պայմաններ պիտի ստեղծուին տարածքաշրջանէ ներս յառաջիկային Հայաստանի տեսակէտէ՝ առայժմ անկարելի է վերջնականօրէն կանխատեսել։ Յամենայնդէպս, հայկական կողմը այլընտրանքներու ճոխութիւն բացարձակապէս չունի եւ իրեն տեսակէտէ նուազագոյնը թէկուզ կրնայ ապահովել՝ միայն եթէ իր առաջնահերթութիւնները համընկնին ռուսական կողմին հետ։ Այս հաւասարակշռութիւնը, բնականաբար, Հայաստանի տեսակէտէ նպաստաւոր ձեւով ընթանալու երաշխիք մը չունի, որովհետեւ Ռուսաստան միշտ շահագրգռուած պիտի ըլլայ Ատրպէյճանը իրմէ չհեռացնելու նպատակով։

Մոսկուայի երէկուան գագաթաժողովէն առաջ Երեւանի կողմէ պաշտօնապէս հրապարակուած էին կարգ մը առաջնահերթութիւններ։ Գլխաւորը հայ ռազմագերիներու եւ կորսուածներու վերաբերեալ հրատապ հարցերու լուծումն էր։ Այս ուղղութեամբ շօշափելի որեւէ հեռանկար չէ ձեւաւորուած։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կապակցութեամբ ալ օրակարգի վրայ մնալ կը շարունակեն տակաւին չկարգաւորուած խնդիրներ։ Այս բոլոր հանգամանքները անթաքոյց հաստատուեցան նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Մոսկուայի եռակողմանի գագաթաժողովի աւարտին ան յայտարարեց, որ դժբախտաբար հակամարտութիւնը տակաւին կարգաւորուած չէ։ Թէեւ կարելի եղած է հրադադար ապահովել, սակայն տակաւին կը մնան հարցեր, որոնք կարգաւորուած չեն։ Այդ շարքին է Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը։ Հայաստան պատրաստ է բանակցութիւնները շարունակելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։

«Դժբախտաբար, այսօր չյաջողեցանք լուծել գերիներու հարցը, ինչ որ ամենազգայուն եւ ցաւոտ խնդիրն է։ Սա մարդասիրական հարց է ու մենք պայմանաւորուած ենք շարունակել աշխատանքը այս ուղղութեամբ։ Սակայն, մենք կը կարծենք, թէ յստակ մեր համատեղ յայտարարութեան 8-րդ կէտը ամբողջութեամբ չ՚իրականացուիր։ Կը յուսամ, որ մենք կարճ ժամկէտներու մէջ կը կարողանանք հասնիլ յստակ լուծումներու», յայտարարեց Փաշինեան Մոսկուայի մէջ։

Ուշագրաւ էր, որ Մոսկուայի երէկուան գագաթաժողովին առթիւ Վլատիմիր Փութինն ալ յղում կատարեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին ու շեշտեց, որ հրադադարի համաձայնութիւնը համընկնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կողմէ նախատեսուած կարգաւորման ձեւերուն հետ։ Փութին, որ եռակողմանի գագաթաժողովին առընթեր առանձնազրոյցներ ալ ունեցաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ, այս փուլին յարմար դատած է երէկ ստորագրուած համատեղ յայտարարութիւնը մատուցել՝ Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման տեսանկիւնէն։ Թրքական լրատուամիջոցներն ալ այս բոլոր իրադարձութիւններուն տեղ տուած են համապատասխան շեշտադրումներով։ Այսպէս, կը մատնանշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ենթակառուցուածքները պիտի բարելաւուին ու պատերազմէն վերջ առաջին անգամ յիշեալ երեք ղեկավարները նոյն սեղանի շուրջ նստած են։ Արձանագրուած է նաեւ, որ Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուա ուղեւորուած է բողոքի ցոյցերու մթնոլորտին մէջ։

Երէկուան գագաթաժողովը կարեւոր նշանակութիւն ունէր նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապին տեսակէտէ։ Հրադադարէն վերջ անհրաժեշտ դարձած սահմանազատման գործընթացներուն մէջ Հայաստան կը դրսեւորէ լուրջ տկարութիւն, ինչ որ աննկարագրելի պոռթկումի մը պատճառ կը դառնայ։ Հանրային կարծիքը ցասումով կը դիտարկէ կառավարութեան կողմէ դրսեւորուած տկարութիւնները՝ անոր ժողովրդական յենարաններէ զուրկ մնացած ըլլալու ճշմարտութեան լոյսին ներքեւ։ Այս իրավիճակին մէջ մտահոգութիւններ կային, որ երէկ ստորագրումը նախատեսուած յայտարարութիւնը նոր բարդութիւններ կրնար յառաջացնել Հայաստանի առջեւ։ Այդ ակնկալութիւնները չեն արդարացած եւ Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն իսկ կը փորձեն այդ երեւոյթը հանրային կարծիքին մատուցել որպէս դրական երեւոյթ։ Սա, անշուշտ, կարելի չէ ընկալել՝ որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն։ Արդարեւ, նա՛խ առարկայականօրէն Հայաստան ծանր պարտութեան հետեւանքով այսօր չունի բանակցային սեղանի շուրջ առաւելութիւններ ապահովելու ներուժ։ Յետո՛յ, Հայաստանի լրատուամիջոցները կը մատնանշեն, որ Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուայի մէջ չէ կարողացած հասնիլ այն նպատակներուն, որոնց մասին յայտարարած էր գագաթաժողովէն առաջ։ Ըստ թերթերու մէջ հրապարակուած մանրամասնութիւններուն, Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուայի գագաթաժողովէն առաջ նոյնիսկ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը չէ հաւաքած եւ այս երեւոյթը տեղի կու տայ այնպիսի մեկնաբանութիւններու, ըստ որոնց ան այս փուլին ի վիճակի չէ որեւէ բան մերժելու, ուստի նախօրօք խորհրդակցելու ոչինչ ունի։ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երեսփոխաններէն Էտմոն Մարուքեանն ալ յայտնեց, որ Մոսկուայի երէկուան քննարկումները ծաւալուած են բացառապէս Ատրպէյճանի կողմէ թելադրուած օրակարգի մը շուրջ, ուստի, հայկական կողմը հրճուելու ոչինչ ունի։

Ռուսական վերլուծական շրջանակներու արձագանգն ալ ինչպէս հետաքրքրական, այդպէս ալ որոշ չափով հակասական է երէկուան գագաթաժողովի լոյսին տակ։ Մէկ կողմէ կը նշուի, որ Մոսկուա սկսած է Անգարան դուրս մղել Լեռնային Ղարաբաղէն։ Միւս կողմէ, կը մատնանշուի նաեւ, որ Ռուսաստան-Թուրքիա-Իրան դաշինքը վերահսկողութեան տակ կ՚առնէ առեւտրային ամենակարեւոր ուղիները։ Այժմ, Անգարա, Մոսկուա եւ Թեհրան արդէն աւելի շատ կեդրոնացած են դէպի արեւելեան ուղղութեան վրայ։ Անոնց համատեղ ռազմական ուժերն ու տնտեսական հզօրութիւնը բաւարար են պաշտպանելու իրենց շահերը Կեդրոնական Ասիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2021