ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ ՎԵՐՋ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Այն ինչ, որ կատարուեցաւ երէկ՝ անսպասելի չէր։ Մասնաւորապէս հայկական կողմը՝ սկսելով Երեւանէն եւ հասնելով մինչեւ սփիւռքեան հեռաւոր ափեր, ակնդէտ կը հետեւէր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին, որովհետեւ շշուկներ կային, թէ Փաշինեան շարունակելով իր «ձախորդ փանոսեան» դերը, կրնար ծանրակշիռ եւ բոլոր առումներով ալ հայկական շահերէն հեռու փաստաթուղթի մը տակ ստորագրել, բայց այդպէս չեղաւ։ Այլ խօսք եւ այլ պատմութիւն, որ ինչո՛ւ պարտութեան մատնուած Փաշինեանի իշխանութեան այդ «լեղի բաժակ»ը չէր պարտադրուեր, սակայն, աւելի քան երբեւէ յայտնի կը դառնար, որ ռուսական կողմը հետամուտ է Փաշինեանը «պահել» ու այդ պահպանութեան գինը, շատ հաւանաբար, այս փուլին բացայայտ նշաններով չխօսիլն էր։ Բոլորս գիտենք, որ Արցախի գոյամարտի այս փուլին խնդրի ամենաթաքուն ծալքերուն մէջ առկայ է Ատրպէյճանի նաւթը աւելի ապահով կերպով դէպի Եւրոպա հոսեցնելը, սակայն, միայն այդքան ալ չէ։

Ռուսական կողմին համար Կովկասի մէջ իր ոտքերը աւելիով ամրացնելու պարագան, նաեւ Հայաստանի թաւշեայ եւ Մոսկուայի համար տհաճ յեղափոխութեան վերջնական տապալումն էր գերդրոյթը։ Սա պատճառ կը դառնար (շատ հաւանաբար նաեւ Փաշինեանի անճարակ գործիչ մը ըլլալու իրողութիւնը), որ Հայաստան անասելի կորուստներ ունենար, մտնէր բաւականին անորոշ ու անյստակ սահմանագծումներու նոր փուլի մը, որու աւարտը տակաւին չ՚երեւիր։ Այս բոլորէն անդին կար, անշուշտ, Կովկասի մէջ նոր «դարաշրջան» մը, որու հիմնական օգտուողները բոլորն էին՝ բացի Հայաստանէն։ Հաշուի առնելէ ետք այս բոլորը, երէկ տեղի ունեցած Մոսկուայի գագաթաժողովի ալ լոյսին տակ, տարածքաշրջանը պիտի թեւակոխէ նոր մռայլ շրջան մը, որու իրադարձութիւններու հիմնական ափը, անշուշտ, Երեւանը պիտի ըլլայ։ Պատերազմական գործողութիւններէն, անասելի կորուստներէն, մահերէն, նիւթական եւ բարոյական աղիտալի վիճակներէն անդին՝ աւելի քան յստակ է, որ այսօր ստեղծուած իրավիճակը երբեք ալ հաճելի չէ հայկական կողմին համար։ Այլ խօսք, որ այսօրուան «լռութիւնը» ինչքան կը տեւէ, յստակ է մէկ բան. վիրաւոր ու գլխահակ կողմը՝ Հայաստան պիտի չկարողանայ համակերպիլ այս վիճակին հետ։ Կորուստներու խնդրէն բացի, ի յայտ եկած է արդէն Սիւնեաց աշխարհի անվտանգութեան խնդիրը։ Ասկէ զատ ամենակարեւորն է, որ հակառակ Ատրպէյճանի նախագահի պնդումներուն, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կարգաւորուած է, կայ փաստը՝ որ Արցախի կարգավիճակի հարցը կը շարունակէ մնալ «օդին մէջ»։

Անշուշտ, մտահան պէտք չէ ընել, որ Ռուսաստանի համար բոլոր առումներով Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծումը դրական միաւորէն աւելին է։ Թէեւ Մոսկուա կը փորձէ անտեսել կամ հաշուի չառնել, սակայն, այսպիսի պայմաններով պատերազմ աւարտած ու գլուխը ծռած Հայաստանին համար երբեք ալ ու ոչ մէկ առումով հեշտ պիտի ըլլայ համակերպիլ նոր իրավիճակներուն հետ կամ դառնալ «նոր Կովկաս»ի կարեւոր մէկ բաղկացուցիչը։ Հասկնալի է ռուսաց հզօրին մօտեցումը, սակայն, ցաւալի է, որ այս տեղատուութիւնն ու մեծ անձնատուութիւնը կը կատարուին հայու ձեռամբ. ան, որ անտեսեց ռազմաքաղաքական բարդ իրավիճակը եւ զիջումներու երթալու փոխարէն «խնդաց» ամբողջ ժողովուրդին վրայ՝ յայտարարելով, որ Հայաստանն ու հայութիւնը «պիտի յաղթեն»։ Զարմանալին այն է, որ Հայաստանի հասարակութեան կարեւոր մէկ մասը մէկդի դրած եւ ուրացած է այսօրուան կորուստները։ Երէկ Մոսկուայի մէջ նոյնիսկ Նիկոլ Փաշինեան չկարողացաւ առաջ քաշել եւ ձեւով մը լուծել հայ ռազմագերիներու հարցը, ինչ որ իր խօսքով «մարդասիրական մեծագոյն հարց» է։ Մարդասիրութիւնը կը խաչուի տարածքաշրջանային մեծ հաշիւներուն առջեւ եւ մտահոգիչ է, որ ընթացք առած քաղաքական-տնտեսական նոր գնացքին առջեւ Հայաստան ո՛չ միայն պատրաստ չէ, այլ նաեւ՝ անուժ, շուարած ու մանաւանդ կոտրուած։

Մոսկուայի այս հանդիպումը աւելիով ամրագրեց, որ Փաշինեանի ժամ առաջ իշխանութենէն հեռանալը դարձած է անյետաձգելի առաջնահերթութիւն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2021