ԿՂԶԻԱՑԵԱԼ ԲԱՐԴ ԱՄԻՍ ՄԸ

Լաչինի միջանցքը արդէն աւելի քան ամիսէ մը ի վեր փակուած է Ատրպէյճանի կողմէ եւ Արցախը մնացած՝ պաշարման մէջ։ Մարդասիրական աղէտով զուգորդուած առկայ ծանր իրավիճակին մէջ կ՚ընթանայ դիւանագիտական խտացեալ երթեւեկ մը։ Երեւանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ միջազգային դերակատարները շարժման անցընել՝ ապահովելու համար գործնական լուծում մը։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ հաղորդեց, թէ Լաչինի միջանցքի փակուիլը կը համարէ սադրանք։ Կառավարութեան ժողովի սկիզբին ան նշեց, որ այդ սադրանքով Ատրպէյճան կը հետապնդէ նոր ռազմական մագլցում մը հրահրելու վերջնական նպատակը։ Ներկայիս վերջին բոլոր իրադարձութիւնները կը մեկնաբանուին՝ Փաշինեանի նախընթաց օրուան մամլոյ ասուլիսին ժամանակ արտայայտած մօտեցումներուն համայնապատկերին վրայ։ Նոյն օրը Պաքուի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ շարունակած էր իր արմատական յայտարարութիւնները։ Հայկական լրահոսին մէջ շեշտուեցաւ, որ Ալիեւի խօսքերէն կարելի է հետեւցնել, թէ Արցախի շրջափակումը պիտի չդադրեցուի։ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտեան ելոյթին մէջ նշեց. «Լեռնային Ղարաբաղի մեր գործընկերները պէտք չէ հնարաւորութիւն տան, որպէսզի անոնք մեղադրուին Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ քաղաքական խօսակցութիւնը խափանելով»։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վերջին օրերուն իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարին Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայի Արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանիի եւ Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Թոպիաս Պիլշթրէօմի հետ։ Հարկ է նշել, որ Քերըն Տոնֆրիտ եւ Պույար Օսմանի հեռախօսազրոյցներ ունեցան նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, որ, իր հերթին, հեռաձայնի վրայ խորհրդակցեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։

Մինչ բոլոր զրոյցներուն ընթացքին Արարատ Միրզոյեան կանգ առաւ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով ստեղծուած ծանր իրավիճակին վրայ, Քերըն Տոնֆրիտն ալ Երեւանի եւ Պաքուի հետ կապ հաստատելէ վերջ հանդէս եկաւ կոչով մը։ Ան յարմար կը դատէ, որ երկու նախարարները կրկին ներգրաւուին՝ տեւական խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ գործընթացին։ Քերըն Տոնֆրիտ կոչ ուղղեց, որպէսզի Հայաստան եւ Ատրպէյճան անյապաղ դիւանագիտական լուծում փնտռեն Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին համար։

Պույար Օսմանին ալ Երեւանի եւ Պաքուի հետ ունեցած շփումներուն լոյսին տակ տեղեկացուց, որ կը պատրաստուի այցելել Հայաստան եւ Ատրպէյճան։

Տարածաշրջանով շահագրգռուած բոլոր երկիրներն ալ այս շրջանին կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնել Լաչինի միջանցքի փակումով պայմանաւորուած հրատապ իրադարձութիւնները։ Այսպէս, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Կովկասի իրադրութիւններուն։ Հայկական լրահոսին մէջ այս զրոյցին կապակցութեամբ կը նշուի մանրամասնութիւն մը։ Արդարեւ, Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ որեւէ ակնարկութիւն չէ կատարուած Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ խօսակցութեան։ Մինչդեռ Թեհրանի պաշտօնական աղբիւրները մատնանշած են այդ երեսակը։ Այսպէս, Ռայիսի ընդգծած է, որ միայն համագործակցութեան եւ համակարգման միջոցաւ կրնան լուծուիլ տարածաշրջանային խնդիրները։ Իրան մշտապէս կը կարեւորէ տարածաշրջանային համարկման ամրապնդումը եւ կը դատապարտէ արտաքին միջամտութիւնը, որ վնասակար կ՚ըլլայ տարածաշրջանի խնդիրներուն մէջ։

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներն ալ հերթական անգամ տեղեկացուցին, որ Արցախի ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցային գործընթացը հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն հետ՝ Լաչինի միջանցքով ինքնաշարժներու փոխադրումներու առանց խոչընդոտի վերսկսման նպատակով։ Այսպէս, ռուսական կողմը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւններուն հետ շարունակական համագործակցութեան մէջ է՝ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու եւ հաւանական դէպքերը կանխելու նպատակով։

Երեւանեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Կարմիր խաչի ջանքերով հնարաւոր եղած է Արցախէն երեք հիւանդ փոխադրել Հայաստան՝ Լաչինի միջանցքով։

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2023