ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՔԱՅԼ

Հայաստանի ներգրաւած գոյութենական բոլոր մարտահրաւէրներով հանդերձ, երկրի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս կարելի չ՚ըլլար նուազագոյն համերաշխութեան մթնոլորտ մը ձեւաւորել։ Կը հաղորդուի, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի խորհուրդը կը պատրաստուի ընդդիմադիր երեսփոխաններուն դէմ քննարկում մը ծաւալել։ Այսպէս, խորհրդարանի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխաններու լիազօրութիւնները դադրեցնելու հեռանկար մը խնդրոյ առարկայ է։ Թիւով 22 ընդդիմադիր պատգամաւորներու լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով խորհրդարանը պէտք է դիմէ Սահմանադրական ատեան։ Ուրեմն, Ազգային ժողովի խորհուրդը այս նիւթն է, որ օրակարգի վրայ պիտի ունենայ։

Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու եւ խորհրդարանական ընդդիմութեան յարաբերութիւնները ծայր աստիճան լարուած են։ Ընդդիմադիր երեսփոխանները յաճախ պոյքոթի կ՚ենթարկեն խորհրդարանական ժողովները։ «Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան գլուխը կը գտնուի երկրի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Սէյրան Օհանեան։

Հարկ է նշել, որ խորհրդարանի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը՝ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած քաղաքական շարժման շարունակութիւնն է եւ անոր առանցքներէն մին կը կազմէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը։ Վերջին օրերուն Երեւանէն կը հասնին նաեւ լուրեր, ըստ որոնց, կարգ մը դաշնակցական գործիչներու բնակարաններուն կամ կուսակցական գրասենեակներուն մէջ ալ խուզարկումներ կը կատարուին, նաեւ տեղի կ՚ունենան ձերբակալումներ։

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2023