ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՔՕՂԷՆ ԱՆԴԻՆ

Պոլսահայ թատրոնի վեթերան վարպետներէն Պօղոս Չալկըճըօղլու երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պէյօղլուի «Աքպանք» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Ան հերթական ատենախօսն էր «Մեր թատրոնին մէջ պատմութիւնը» զրոյցներու շարքին, որ կը կազմակերպուի Թուրքիոյ Թատրոնի հիմնարկի եւ «Աքպանք-սանաթ»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով։

Պօղոս Չալկըճըօղլու ո՛չ միայն յայտնի դերասան եւ բեմադրիչ մըն է, այլեւ համբաւ կը վայելէ նաեւ՝ որպէս թատրոնի պատմութեան հմուտ մասնագէտ, գիտակ։ Ան երէկուան ելոյթին մէջ խօսեցաւ Աֆիֆէ Ժալէի մասին, որ ռահվիրայ եղած է, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ մահմետական կիներն ալ բեմ բարձրանան։ Այդ ջանքերու ընդմէջէն Աֆիֆէ Ժալէի կենսագրութիւնը ուղղորդուած է բաւական ողբերգութիւններով՝ նոյնիսկ գերեզմանին տեղը յայտնի չէ եղած։ Աֆիֆէ Ժալէ մահացած է 1941 թուականին եւ այդ ժամանակ թերթի մը մէջ հրատարակուած լուսանկարի մը հետքը հետապնդելով՝ Պօղոս Չալկըճըօղլու սկսած է որոնել անոր թաղման վայրը։ Նկատի ունենալով, որ այդ վայրը պաշտօնական արձանագրութիւն չէ ունեցած՝ Պօղոս Չալկըճըօղլու հարիւր տոկոսով չէ կրցած փաստել անոր թաղման վայրը, սակայն, յիշեալ լուսանկարի հիման վրայ գիտականօրէն ապացուցանած է այդ կէտը։ Այդ վայրին վրայ նոյնիսկ յիշատակարան մը զետեղել կարելի չէ եղած եւ այս առանցքին շուրջ Պօղոս Չալկըճըօղլու երէկ բացատրեց, թէ Աֆիֆէ Ժալէի գերեզմանը փնտռելու ժամանակ ինչպիսի դժուարութիւններու դէմ յանդիման մնացած էր։

Պօղոս Չալկըճըօղլու ելոյթէն վերջ պատասխանեց նաեւ իրեն ուղղուած հարցումներուն՝ Թուրքիոյ Թատրոնի հիմնարկէն Նոյան Այթուրանի հետ։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ Թուրքիոյ Թատրոնի հիմնարկի նախագահ Էսէն Չամուրտան եւ վարչային ընկերները, նաեւ բազում թատերասէրներ։

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2023