Տ. ԶԱՔԱՐԻԱ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԲԱՂՈՒՄԵԱՆԻ ՀԵՂԻՆԱԿԱԾ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վերջերս լոյս տեսած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբաններէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեանի գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Կիրակոս Երզնկացու Սուրբ Եւագր Պոնտացու երկերի լուծմունքները»: Երեւանի Մատենադարանի գիտական խորհուրդին որոշումով տպուած է այս գիրքը, որու հեղինակը՝ Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէնն է։ Հայր սուրբին գիտական աշխատասիրութիւնը այժմ գիրքի ձեւաչափով հետաքրքիրներու տրամադրութեան տակ է։ Այդ ուսումնասիրութիւնը շուրջ տասն տարուան տքնաջան աշխատանքի արդիւնքն է։ Հեղինակը 496 էջէ բաղկացեալ այս գիրքը ձօնած է իր հոգելոյս հօր՝ Վահէ Բաղումեանի անմոռաց ու խնկելի յիշատակին։ Գիրքի խմբագիրն է նոյնպէս հեղինակաւոր անուն մը՝ յայտնի պատմաբան Գէորգ Տէր-Վարդանեան։

Կիրակոս Երզնկացին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նշանաւոր վարդապետներէն մէկն է, որ գործած է 14-րդ դարուն: Ան մեկնած է 4-րդ դարուն ապրած ու գործած Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբերէն՝ Սուրբ Եւագր Պոնտացիի «Յաղագս Ը. Խորհրդոց» եւ «Հարիւրաւորք վեցերորդք» երկերը: «Հարիւրաւորք վեցերորդք»ը հայ մատենագրութեան մէջ պահպանուած Ս. Եւագր Պոնտացիի աշխատութեան միակ մեկնութիւնն է: Տակաւին, այս աշխատութիւնը ամբողջական միայն ասորերէն եւ հայերէն լեզուներով պահպանուած է, որով այս հրատարակութիւնը հայ մատենագրութեան անդաստանէն ներս կարեւոր նորութիւն մը եւ միեւնոյն ժամանակ ձեռքբերում մըն է բոլոր հայագէտներուն, աստուածաբաններուն, հայրաբաններուն եւ հոգեւոր կեանքով հետաքրքրուողներուն համար:

Կիրակոս Երզնկացի Վարդապետը այս լուծմունքները իր մեկնութիւններով նորովի բացայայտած է: Հայր սուրբին բնորոշմամբ՝ «այս լուծմունքներուն մէջ մեր աչքին դիմաց կ՚երեւայ հոգեւոր կեանքի փորձառութեամբ մատենագիր մը, որ յաջողած է թափանցել եւագրեան խորհրդապաշտ մտածողութեան նրբութիւններուն մէջ եւ հնարաւոր եղածին չափ մատչելի կերպով մեկնած է զանոնք»:

Հեղինակ հայր սուրբը գիրքի յառաջաբանին մէջ կը նշէ հետեւեալը. «…մեր առաջնային նպատակը եղած է Ս. Եւագր Պոնտացիի "Յաղագս Ը. Խորհրդոցն" եւ "Հարիւրաւորք վեցերորդք" երկերուն՝ Կիրակոս Երզնկացիի լուծմունքներուն բնագիրները պատրաստել՝ առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ դնելով յատկապէս հեղինակին երկրորդ լուծմունքը: Վստահ ենք, որ Ս. Եւագրի "Վեց հարիւրակներուն" նուիրուած Կիրակոս Րաբունապետին այս աշխատութիւնը իր եզակիութեամբ մեծ հետաքրքրութիւն պիտի յառաջացնէ հայ եւ օտար մասնագէտներու շրջանակներուն մէջ՝ նպաստելով ո՛չ միայն Կիրակոսի մատենագրական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան, այլեւ իր կարեւոր նպաստը բերելով Եւագրագիտութեան ասպարէզէն ներս»:

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեանը՝ այս նոր ու արժէքաւոր գիրքի հրատարակութեան բերումով։

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2023