ԱԶՆԱՒՈՒՐ ՏՈՒՊԱՅԻԻ ՄԷՋ
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր այսօր՝ Փետրուարի 12-ին, համերգով մը հանդէս կու գայ Տուպայիի համաշխարհային կեդրոնի համերգասրահին մէջ:
Համերգէն առաջ արաբական The National-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Շարլ Ազնաւուր ըսած է, որ իր արուեստական տաղանդը զարգացած է արուեստասէրներու ընտանիքի մէջ, որ չունէր շատ նիւթական միջոցներ, սակայն հարուստ էր սիրով ու հոգատարութեամբ: «Ես շատ ուրախ եմ, որ կեանքիս մէջ գտած եմ կոչումս, հանդիպած հետաքրքրական մարդոց, որոնք իմ մէջ խթանած են հետաքրքրասիրութիւնը», ըսած է Շարլ Ազնաւուր:
Պարբերականը շեշտած է, որ իննսունմէկ տարեկան Շարլ Ազնաւուր նկարահանուած է արդէն վաթսուն ֆիլմի մէջ, գրած՝ աւելի քան հազար երկուհարիւր երգ, կ՚երգէ ութ լեզուներով եւ վաճառած է աւելի քան հարիւրութսուն միլիոն ձայնագրութիւն: «Իմ արուեստիս հիմքը հայկական մշակոյթն է, սակայն իմ սրտիս եւ իմ լեզուիս երկիրը Ֆրանսան է: Յոյսով եմ, որ Հայաստան ի վերջոյ կ՚ապրի խաղաղ, իր սահմաններուն հետ կապուած բոլոր խնդիրները կը լուծուին», ըսած է Շարլ Ազնաւուր:
1975 թուականին, ան գրած է «Անոնք ինկան» երգը՝ նուիրուած 1915-ի 60-ամեակին: 2008 թուականին Ազնաւուր ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ նշանակուած՝ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։