ԱՐԴԷՆ ՏԱՍՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԱԼ

Յա­կոբ Տե­միր­ճիի դա­ժան սպա­նու­թեան դէպ­քին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը կը գրէ, որ ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րուն թի­ւը ար­դէն հա­սած է տա­սի։ Ա­նոնց շար­քին կը գտնուին Տե­միր­ճիներու հին ու նոր սպա­սու­հի­նե­րը։ Յանցա­գործ­նե­րը շէն­ք  ներ­խու­ժած են տա­նի­քէն։

Ի­րա­ւա­սու­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ դա­տա­խա­զու­թիւ­նը բազ­մա­կող­մա­նի հե­տաքն­նու­թեան մը ձեռ­նար­կած է այս նիւ­թին շուրջ։ Ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րը այս օ­րե­րուն կը ներ­կա­յա­նան ար­դա­րա­դա­տա­կան մարմիննե­րուն։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Տիգ­րան Բա­լա­յեան հաստատեց, որ ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րու շար­քին կը գտնուին երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­ներ, սա­կայն հիւ­պա­տո­սա­կան հար­թու­թեան բնո­րոշ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու կա­տա­րուի­լը ան­կա­րե­լի է՝ դի­ւա­նա­գի­տա­կան կապե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան բերումո­վ։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2016