ՈՉ ԵՒՍ Է ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՓՐՈՖ. ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ առաւօտ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսահայ ականաւոր մտաւորական, հեղինակաւոր պատմաբան Փրոֆ. Անահիտ Տէր-Մինասեան։ Երկար ժամանակէ ի վեր Անահիտ Տէր-Մինասեան կը պայքարէր անողոք քաղցկեղի դէմ, վերջին շրջանին իր առողջական վիճակը բաւական ծանրացած էր եւ դժբախտաբար արդէն ընտանիքին եւ բժիշկներուն կողմէ իրեն ցուցաբերուած խնամքը մնացած է անբաւարար եւ ան աչքերը փակած է կեանքին։

Անահիտ Տէր-Մինասեանի կորուստը իսկապէս անփոխարինելի է, որովհետեւ ան հայոց սփիւռքի մտաւորականութեան ամենակարկառուն դէմքերէն մին էր։ Իր կողմէ ծաւալուած գիտական աշխատանքը իսկապէս եղած էր անգնահատելի եւ ի լրումն այդ բոլորին Անահիտ Տէր-Մինասեան կը մարմնաւորէր պատկառելի կերպար մը, որ սփիւռքի հայապահպանութեան տեսակէտէ էապէս կարեւոր էր։

1929 թուականին Անահիտ Տէր-Մինասեան ծնած էր Փարիզի մէջ։ Իր հայրն էր Լեւոն Գեւոնեան, որ ծնած էր Սեբաստիոյ Զարա գաւառակէն ներս։ Մայրն էր Արմենուհի Տէր-Կարապետեան, որու ընտանիքի արմատները կը հասնէր Մուշ։ Արմենուհի Տէր-Կարապետեան դուստրն էր Կիւլիզար եւ Գեղամ Տէր-Կարապետեան ամոլին։ Այսինքն՝ Անահիտ Տէր-Մինասեանի մեծ մայրն էր նշանաւոր Կիւլիզարը, որ հայոց արդի պատմութեան մէջ ունի առանձնայատուկ տեղ մը։ Անահիտ Տէր-Մինասեանն ալ հասած էր մեծ մօր կերպարով պայմանաւորուած շունչով մը։ Ծնողքը ունէր անհայրենիք հայու կարգավիճակ ու կը կրէր համապատասխան անցագիր։ 1920-ական թուականներուն Անահիտ Տէր-Մինասեանի ծնողքը հաստատուած էր Փարիզ, որպէս գաղթական։ Եօթ տարեկանէ սկսեալ Անահիտ Տէր-Մինասեան սկսած էր հայերէն սորվիլ։ Յաջորդող տարիներուն ամուսնացած էր Լեւոն Տէր-Մինասեանի հետ, որ նոյնպէս անհայրենիք հայու մը կարգավիճակը ունէր։ Եղբայրն էր նոյնպէս մտաւորական Գեղամ Գեւոնեան։ Գրողներու, արուեստագէտներու եւ ընդհանրապէս մտաւորականներու մասնակցած ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ հասաւ Անահիտ Տէր-Մինասեան, որ Սորպոնի համալսարանէն ներս պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսում ստացած էր։ Փարիզի զանազան լիսէներէն ներս դասաւանդելէ վերջ, 1969 թուականէն սկսեալ ակադեմական գործունէութիւն ծաւալեց թափով։ Միջազգային յարաբերութիւններու պատմութեան, հայկական հասարակական մշակութային եւ քաղաքական պատմութեան, Ռուսաստանի պատմութեան նման նիւթերու վրայ մասնագիտական աշխատանք տարած էր։ Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Լիբանանի, Յունաստանի, Իրանի, Թուրքիոյ եւ այլ զանազան երկիրներու մէջ հրատարակուած էին իր գիրքերը եւ լոյս տեսած՝ յօդուածները։ Թուրքիոյ մէջ ալ հրատարակուած էին իր երկու գիրքերը։ Անոնցմէ մին «Իլեթիշիմ» հրատարակութեան կողմէ էր, իսկ միւսը՝ «Արաս»ի կողմէ։

Անահիտ Տէր-Մինասեան պարգեւատրուած էր նաեւ Ֆրանսայի «Լեժիոն տ՚Օնէօր» պետական պատուոյ շքանշանով։

Անահիտ Տէր-Մինասեանի ծաւալած աշխատանքը անկասկած հայկական սփիւռքի ներկայ սերունդներու յիշողութիւնը կը պայմանաւորէ։ Իր թողած ժառանգն ալ վստահաբար ժամանակի ընթացքին պիտի ունենայ համապատասխան նշանակութիւն։

Այս տխուր առթիւ խորապէս կը ցաւակցինք Անահիտ Տէր-Մինասեանի զաւակներուն՝ Թալին Տէր-Մինասեանին, Վահէ Տէր-Մինասեանին եւ իրենց ընտանիքներուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 12, 2019