ՀԱԼԷՊԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Հալէպի Պետական համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանէն ներս սկսաւ հայերէնի ուսուցման ծրագիր մը: Դասաւանդութիւնը կը վարէ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս Մարիա Գաբրիէլեան: Ծրագրի առաջին փուլին կը մասնակցին աւելի քան տասը ուսանողներ եւ վկայեալ մասնագէտներ: «Գանձասար»ի հաղորդումներով՝ ծրագիրը սկիզբ առած է փետրուարի 1-ին։
Ուսումնարանի տնօրէն Տքթ. Մուհամմէտ Խէյրիի ողջունելով այս ծրագրին մեկնարկը՝ նշած է, որ իրենց նպատակն է քաջալերել ազգային լեզուները, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնել տուեալ լեզուները օգտագործող ազգերու մշակոյթն ու պատմութիւնը, հասարակութեան ծանօթացնել անոնց մշակոյթը, կարեւորութիւն ընծայել սուրիական ընկերութեան բազմագոյն խճանկարին։
Դասընթացքի մասնակից դատախազ Հալա Նաամի ըսած է, որ կը մասնակցի, որովհետեւ ամուսինը հայ է։ Մէկ այլ մասնակից նշած է, որ իրեն համար նոր լեզու սորվիլը հաճոյք է, ինչպէս նաեւ՝ հայ ժողովուրդը աշխատասէր եւ ստեղծարար ժողովուրդ մըն է: «Սուրիոյ տագնապի օրերուն միշտ մեր կողքին էր նաեւ Հայաստանը, ես հայ ընկերուհիներ ալ ունիմ: Այս բոլորը զիս կը մղեն, որ սորվիմ հայերէն, ծանօթանամ հայ մշակոյթին», նշած է ան։
Ըստ փոխ-տնօրէն Ռիմ Իսայի՝ ուսումնարանը հիմնուած է 2000-ին, ունի անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն լեզուներու ուսուցման բաժիններ։ Կը գործեն նաեւ օտար լեզուներու եւ ազգային լեզուներու բաժինները։ Վերջինս կ՚ընդգրկէ հայերէն, քրտերէն եւ ասորերէն լեզուները: Առաջին անգամ ըլլալով համալսարանէն ներս ընթացք կ՚առնէ հայերէնի դասաւանդութիւնը:
Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի տնօրէնուհի Սիլվա Ճապաղջուրեան այս առթիւ ըսած է. «Պետական համալսարանէն ներս հայերէնի ուսուցման այս դասընթացքը գործնական արտայայտութիւն մըն է մեր լեզուին նկատմամբ՝ որպէս ազգային լեզու, Սուրիոյ պետութեան տածած յարգանքին, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի գոյութիւնը գնահատող քայլ մըն է։ Նախապէս նման ծրագիր մը մշակուած էր, բայց գործնականացման փուլի չէր անցած։ Այսօր գործնական առաջին քայլն է, որ կ՚առնուի: Կը յուսանք, թէ այս քայլը զարգանալով կը հասնի Հալէպի Պետական համալսարանէն ներս հայագիտական ամպիոնի մը հիմնադրման ծրագրին»։