ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու սերտացման եւ ամրապնդման ուղղեալ քայլերուն, ձեռնարկուած միջոցներուն եւ այդ շրջանակէն ներս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութեան։

Վեհափառ Հայրապետը եւ Զարեհ Սինանեան խօսեցան Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու առկայ անհանգիստ վիճակին եւ հայ համայնքներու շարունակաբար զօրակցութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան մասին։

Զրոյցի տեւողութեան արծարծուեցաւ նաեւ աշխարհի զանազան երկիրներէ ներս հայոց սրբավայրերու եւ մշակութային բազմադարեան ժառանգութեան պատշաճ պահպանութեան հարցը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020