ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ «ԼԸ ՔԱՆԱՐ ԱՆՇԵՆԷ» ԹԵՐԹԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԵՒՐԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԻ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՎԷՃԻՆ

Փարիզի արուարձաններէն Սեւր քաղաքի՝ երբեմնի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի տարածքին վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, տարածքի սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի Մխիթարեան միաբանութեան, որու համար Վատիկանի կողմէ առաքելական կառավարիչ նշանակուած է Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Ֆրանսահայ շրջանակներէ ներս երկար ժամանակէ ի վեր վէճի առարկայ է երբեմնի դպրոցի տարածքի արժեւորման հարցը։ Զեքիեան Գերապայծառ յայտնած է, որ կարելի չէ այնտեղ այլեւս նոր դպրոց մը բանալ։ Յամենայնդէպս, կ՚ակնկալուի, որ այդ տարածքը վերածուի գիտամշակութային կեդրոնի մը եւ համալիրը հարստացուի նոր կառուցուելիք հիւրանոցային շէնքով մը։ Տարածքի արժեւորման պարագային այժմու վարկածներէն գրեթէ որեւէ մէկը չեն ընկալուիր միանշանակ։ Առկայ տարաձայնութիւններու մթնոլորտին մէջ կան նաեւ վարչաիրաւական բարդութիւններ, որոնք կը վերաբերին տնօրինման իրաւասութիւններուն։ Ընդհանուր խօսակցութիւններու, նոյնիսկ մամլոյ հրապարակումներու մէջ զանազան ակնարկութիւններ կը կատարուին նաեւ Զեքիեան Գերապայծառի եւ պնդումներ առաջ կը քշուին իր միջոցաւ այս գործին Թուրքիոյ ներգործութեան վերաբերեալ։ Անշուշտ, սուր բանավէճի մթնոլորտին մէջ պնդումներու ճշգրտութիւնը կամ քննարկուած վարկածներու նպատակայարմարութիւնը առողջ ձեւով կշիռքի մը վրայ դնել հնարաւոր չ՚ըլլար։ Այսպիսի թոհուբոհի մը մթնոլորտին մէջ ապագայ մը կ՚որոնուի երբեմնի վարժարանի ընդարձակ ու մեծարժէք տարածքի ապագային համար։

Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ այցելած էր Սեւրի այդ տարածքը, ուր հիւրընկալուած էր Զեքիեան Գերապայծառի կողմէ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այդ ժամանակ լայն տեղ տուած էին Զեքիեան Գերապայծառի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ նոյնիսկ խօսք կ՚երթար ժամկէտներու մասին։ Այդ բոլորին առընչութեամբ աւելի վերջ յաւելեալ տեղեկութիւններ չհրապարակուեցան։

Մինչ այդ, ֆրանսական մամուլն ալ արձագանգած է այս իրադարձութիւններուն։ «Լը Քանար Անշենէ» երգիծական շաբաթաթերթին մէջ յօդուած մը լոյս տեսած է՝ Մխիթարեան Միաբանութեան Սեւր քաղաքի այս տարածքին շուրջ։ Այս երգիծական շաբաթաթերթը ծանօթ է գայթակղեցուցիչ դէպքեր եւ թղթածրարներ ի յայտ բերելու իւրայատկութեամբ։ 5 փետրուարին լոյս տեսած թիւին մէջ «Լը Քանար Անշենէ» հրատարակած է յօդուած մը, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Վատիկան բռնուեցաւ՝ ձեռքը կրաշաղախի մէջ»։ Այս յօդուածին մէջ անդրադարձ կը կատարուի երբեմնի վարժարանի տարածքի ճակատագրին շուրջ ստեղծուած վէճին։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը երէկուան իր թիւին մէջ սոյն յօդուածը ամբողջութեամբ, թարգմանաբար, առանց մեկնաբանութեան հրատարակած է։ Ստորեւ կ՚արտատպենք այդ նիւթը։

*

Սեւրի մէջ (փարիզեան մօտակայ արուարձան), Սենի ափերուն աւելի քան 1 հեկտար մակերեսով գեղեցիկ տարածք մը իւրացնելու համար՝ Վատիկան միջոց չի խնայեր։ Ի՞նչ ըրած է. կազմակերպած է բռնահարուած (putsch) մը, պապի յատուկ բանագնաց մը ղրկած է իր հակակշռին տակ առնելու համար ընկերակցութիւն մը, հողատարածքը կրաշաղախելու ծրագիր մշակած է, հուսկ՝ ձեռնարկած է դատական գործընթացներու, որոնց մասին Նանթէռի դատարանը պիտի վճռէ մարտի 12-ին։

Անշարժ գոյքի այս գանձը երկար ժամանակ համերաշխաբար յանձանձուած է փարիզեան շրջանի հայութեան եւ Մխիթարեան հայրերուն կողմէ (Վենետիկ հաստատուած՝ հայկական ծէսով կաթոլիկներ)։ Այդ հայրերը կը գործածէին նշեալ տարածքին մէկ մասը, իսկ աշխարհականները կը վարէին Հայկական քոլեճի ընկերակցութիւնը (sic), որ հողատարածքին եւ շէնքերուն՝ ներառեալ ԺԸ. դարու սիրուն դղեակի մը, սեփականատէրն է։

ԲՌՆԱՀԱՐՈՒԱԾԻ ՀԵՂԻՆԱԿ (PUTSCHISTE) ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ

Մթնոլորտը կը վատթարանայ, երբ քանի մը տարի առաջ իր գլուխը կը ցցէ տեղւոյն վրայ Հայոց 1915-ի ցեղասպանութեան յուշահամալիր մը կառուցելու գաղափարը։ Այս ծրագիրը, որուն ուրիշներու շարքին նեցուկ կը կանգնի Օ-տը-Սենի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տեւեճեան, թուրքերու կողմէ սկիզբէն կը համարուի գրգռութիւն մը։ Վերջիններս ա՛լ աւելի զայրացած են՝ նկատի ունենալով, որ խնդրոյ առարկայ սեփականութիւնը կը գտնուի ոչ հեռու այն վայրէն, ուր կնքուած է Սեւրի 1920-ի «անիծեալ» դաշնագիրը, որ կը նախատեսէր Օսմանեան կայսրութեան մասնատումը եւ հայկական պետութեան մը ստեղծումը։

Մայր Աթոռը (Վատիկան) չ՚ուշանար միջամուխ ըլլալու։ Անգարան խնայելու մտահոգութեամբ՝ ի խնդիր Թուրքիոյ մէջ ապրող կաթոլիկ փոքրամասնութեանց պաշտպանութեան, Ֆրանսիսքոս Պապը 1 յունիս 2016-ին ամբողջական իրաւասութիւններով կը լիազօրէ Պոլսոյ հայ (կաթոլիկներու) առաջնորդ Պօղոս Արք. Զեքիեանը։ Անոր առաքելութիւնն է հակակշռին տակ առնել Մխիթարեան միաբանութիւնը եւ լուծել հարցը։

Զեքիեան, որուն շնորհուած է «Պապական նուիրակ»ի կոչում, կը հասնի Փարիզ։ Կը հրաւիրէ Հայկական քոլեճի ընկերակցութեան (որուն ինք անդամ իսկ չէ) ընդհանուր ժողով մը, կը վտարէ ընդդիմադիրները, կը յայտարարէ յուշահամալիրի ծրագրէն հրաժարումը եւ կապ կը հաստատէ «Պուիկ» ընկերութեան հետ։ Ներկայացած այս գեղեցիկ առիթէն հրապուրուած՝ շինարարական ընկերութիւնը անոր կ՚առաջարկէ այդ հողին վրայ կառուցել 165 բնակարան, վերանորոգել դղեակը (որ պաշտպանուած է որպէս պատմական յուշարձան) եւ Մխիթարեաններուն վճարել տարեկան 290 հազար եւրօ՝ 60 տարուան ընթացքին։

«Արտաքսուած»ները ի վերջոյ կ՚արթննան 2019-ի սեպտեմբերին։ Հակառակ Զեքիեան Արք.ի կատաղի ընդդիմութեան, իրենք ալ կը կազմակերպեն իրենց ընդհանուր ժողովը։ Այդ թուականէն ի վեր բռնահարուածի հեղինակ արքեպիսկոպոսը կը բազմապատկէ Նանթէռի դատարանին իր ներկայացուցած դիմումները։ Միւս կողմէ, Վատիկան քիչ մը աւելի աշխուժացուց իր միջամտութիւնը։ 2020-ի յունուարին առաքելութեան կոչեց ուրիշ բարձրաստիճան կրօնական մը՝ Փասքալ Կոլնիշ եպիսկոպոսը Œuvre d՚Orient-ի տնօրէնը), որպէսզի Տեւեճեանի եւ անոր բարեկամներուն հետ վերսկսի երկխօսութիւնը։

Ըստ վերջին լուրերուն՝ նախաձեռնութիւնը ձախողած է։ Մայր Աթոռը կը մնայ իր դիրքին վրայ եւ չ՚ուզեր յուշահամալիր։ Կը պահանջէ նաեւ վեթոյի իրաւունք ընկերակցութեան բոլոր որոշումներուն վրայ եւ մտադրած է պահել արկղին բանալիները... յաւիտենապէս։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020