«ԲՈԼՈՐԸ՝ ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԻՄԱՑ»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմագերիներու փոխանակման վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ Ըստ իրեն, այս հարցի կապակցութեամբ տրամաբանական լուծումն է «Բոլորը՝ բոլորի դիմաց» ձեւաչափը։

«Մենք կ՚աշխատինք թէ՛ ատրպէյճանցի եւ թէ հայ մեր գործընկերներուն հետ՝ ներառեալ հակամարտութեան գօտիէն ներս տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբով։ Ընդհանուր առմամբ մեր մեկնակէտն է, որ տուեալ հարցի տրամաբանական լուծումն է «Բոլորը՝ բոլորի դիմաց» ձեւաչափով փոխանակումը», ըսաւ բանբերը եւ յիշեցուց, որ օրեր առաջ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ տեղի ունեցած էր գերիներու հերթական փոխանակում։

Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանէն ներս, Ատրպէյճանի կողմէ Աւետարանոց գիւղին մէջ Բ. Աշխարհամարտի զոհերու յիշատակին ձօնուած յուշարձանի պղծման։ Այս կապակցութեամբ ռուս դիւանագէտը նշեց, որ անթոյլատրելի է յուշարձանի որեւէ պղծում։ «Իսկ երբ խօսքը կը վերաբերի Բ. Աշխարհամարտի հերոսներու նուիրուած յուշակոթողի մը, չի կրնար ուրիշ դիրքորոշում մը ըլլալ», ըսաւ ան։

Բաց աստի, ռուս բանբերը դիտել տուաւ, որ այդ տեղեկութիւնը ստանալէ վերջ կապ հաստատած են իրենց ատրպէյճանցի գործընկերներուն հետ։ «Անոնք վստահեցուցին, թէ վանտալիզմի դրսեւորումը, յուշարձաններու պղծումը արձանագրուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ Ձեռնարկուած է հետաքննութեան եւ վանտալիզմի դրսեւորման մեղաւորները պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին։ Կը փափաքէի, որ մենք միասնական ըլլայինք յուշարձաններու պղծման եւ վանտալիզմի դէմ պայքարի մէջ։ Կը կարծեմ, թէ նման որեւէ երեւոյթ 21-րդ դարուն պէտք է դատապարտուի բոլոր պետութիւններուն կողմէ, որոնց ժողովուրդները տուած են իրենց կեանքը, որպէսզի մենք բոլորս ապագայ ունենանք», ըսաւ Զախարովա։

Ի լրումն այս բոլորին, Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ հայերու վերադարձի աշխոյժ գործընթաց մը նկատելի է։ Զախարովա յիշեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան համապատասխան կէտը կը վերաբերի բոլորին՝ մանաւանդ անոնց, որոնք հարկադրաբար լքած են իրենց նախկին բնակութեան վայրերը։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021