ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ս. Վարդանանց եւ Ս. Ղեւոնդեանց սուրբերու յիշատակութեան տօնական օրերը Երեւանի մէջ այս տարի եզակի գեղարուեստական ձեռնարկով մը արժեւորուեցան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը՝ ձօնուած հայոց զինուորներուն։ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ այս ձեռնարկը։ Ցուցահանդէսի այցելուներուն կը մատուցուին զանազան գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ. ինչպէս՝ քանդակներ, իւղաներկ պաստառներ եւ այլն։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021