ԶԱԼՔԱԼԻԱՆԻ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ

Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Հարաւային Կովկասէ ներս կը ձեւաւորուին նոր հաւասարակշռութիւններ եւ այս ամբողջին մէջ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նաեւ Վրաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ երեսակները։

Տաւիտ Զալքալիանի յայտնեց, որ Վրաստանի տեսակէտէ շատ կարեւոր կը համարուի աշխարհաքաղաքական նախագծերու խթանումը։

Նախօրէին յայտարարուած էր, որ Զալքալիանի այս շրջանին պիտի այցելէ նաեւ Թուրքիա։ Վրացի նախարարը դիտել տուաւ, որ դէպի հարեւան երկիրներ այցելութիւններու ընթացքին քննարկման հիմնական նիւթերէն մին պիտի ըլլայ տնտեսական դիւանագիտութիւնը։ «Այցելութիւններու շրջանակներէն ներս պիտի քննարկուին Վրաստանի համար կարեւոր աշխարհաքաղաքական նախագծեր, ինչպէս նաեւ երկիր լրացուցիչ բեռներ ներգրաւելու ուղղեալ խնդիրներ», ըսաւ Զալքալիանի։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021