ՁԵԶ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ, ՄԵԶ ԲԱՐԻ ԶԱՏԻԿ

«Ահա եկաւ հայոց ազգին օրերը», կ՚երգուի բարեկենդանեան յայտնի երգով։ Ուրեմն կարելի է երեւակայել՝ որքա՜ն սիրուած ու սպասուած տօն մըն էր այն։ Բարեկենդանը կը յաջորդէ Ս. Սարգսի տօնին եւ կը տեւէ շուրջ երկու շաբաթ, անմիջապէս անկէ ետք սկիզբ կ՚առնեն Մեծ պահքի երկար ու ձիգ քառասունինն օրերը։ Այս Մեծ պահքը այնքան խիստ էր (ընդ որու՝ այդ խստութիւնը կը տարածուէր ո՛չ միայն ուտելիքի, այլեւ՝ մտքի եւ վարքի վրայ), որ մենք՝ հայերս Բարեկենդանի օրերուն կը շտապէինք առաւելագոյնս յագենալ կեանքի բարիքներէն։ Բարեկենդանը առատ կերուխումով, զուարճանքով ու հրապարակային խնջոյքներով, խաղ ու պարով, թատերական բեմականացումներով ու հանդէսներով լեցուն տօն մըն էր։ Այս երկու շաբաթուայ ընթացքին, մանաւանդ՝ Բուն Բարեկենդանին կը վերանային ամէն տեսակ ընկերային եւ հասարակական չափանիշները, ամէնը, կարծես, շուռ կու գային. կը փոխէին ընկերական դերերը, երիտասարդներն ու պատանիները այլեւս ստիպուած չէին զուսպ ու ենթարկուող մնալ մեծերու ու յառաջացած տարիքով մարդկանց հետ, ամենքը իրար հաւասար էին՝ ահել ու ճահել, եպիսկոպոս ու վանական, ռամիկ ու իշխան։ Տէրտէրն ու իշխանը, երիտասարդն ու ալեւորը, տղամարդ ու կին՝ բոլորը ձեռք ձեռքի տուած կը պարէին, կը խաղային, կը զուարճանային… եւ, անշուշտ, կ՚ուտէին, շա՜տ կ՚ուտէին, այնքան կ՚ուտէին, որ փորերը կ՚ուռէին, Բարեկենդանն ալ «փորեկենդան» կ՚անուանէին։ «Ճաշի սեղանը արեւին ծագելէն առաջ պատրաստ պիտի ըլլայ»։ Այդ օրերուն ուտեստներն էին փաթիլան, բխբխիկը, խաշիլը, զանազան թռչնեղէնը, մսեղէնը, ձաւարեղէնը, կաթաներն ու խմորեղէնները, հալուան ու կաթնասերը, վերջն ալ անպայման բերանները խաշած սպիտակ հաւիկիթով պիտի փակէին, որպէսզի Աստուած արժանացնէ Զատիկին կարմիր հաւկիթով բանալու։ Անգամ մը այնպէս պատահեցաւ, որ գիւղերէն մէկուն մէջ կին մը կիրակի երեկոյեան անհանգստացած ամուսնին կը դիմէ՝ վախով ու վայով, թէ բան մը մոռացած ենք ուտելու, կ՚երթայ կովը կը կթէ, կաթը կը խմեն, ապա հայկական պատուական իւղով համեմուած ձուածեղը կ՚ուտեն, վերջն ալ կ՚անցնին հանգչելու, այն ատեն տան հիւրը անհանգստացած իրենց կու տայ կտոր մը հաց, թէ՝ առէք, այս պատառն ալ անուշ ըլլայ, ապա հանգիստ մը քնացէք։

Բարեկենդանը խորհրդանշող հիմնական էակը «Ուտիս Տատն» է (ուտել արմատէն, անշուշտ)։ «Ուտիս Տատը» գզգզուած, քրքրուած պուպրիկ էր։ Կիրակի երեկոյեան տղաները կ՚երթային վերջին մրցախաղին՝ ձիարշաւին, որու աւարտին կը բարձրանային սարի գագաթը եւ այնտեղէն հանդիսաւոր կերպով վար կը գլորէին «Ուտիս Տատը»։ Անկէ ետք յատուկ ծէսով կը հրաւիրէին «Պաս Պապը»։

Բարեկենդանի անբաժան մասը կը կազմէր թատերախաղերը ու դիմակահանդէսները։ Քանի որ այդ օրերուն եկեղեցին կը նշէր Վարդանանց պատերազմի նահատակներու օրը, ուստի եւ կը բեմականացուէին դրուագներ պատերազմէն։ Գիւղը կը բաժանուէր երկու մասի՝ մէկ կողմը հայերն էին, միւս կողմը՝ պարսիկները։ Դէմքերը կը մրոտէին, այլեւայլ քուրք ու մորթի կը հագնէին, փայտէ թրեր վերցնելով ու կը սկսէին պատերազմի։ Նախ Վարդանը, Վասակը (յիշարժան է, որ ժողովուրդը անոնց միասին կը պատկերէ, այլ ոչ որպէս թշնամի) եւ մնացեալ իշխանաւորները՝ Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ կ՚երթային եկեղեցի։ Ի դէպ՝ Բարեկենդանին կը զուարճանային, կը պարէին, կը խաղային նաեւ վանականներն ու քահանաները։ Պերճ Պռոշեան բարեկենդանեան խաղերը նկարագրելով՝ կ՚ըսէ. «էլ ահել ու ջահել չկար, էլ երիտասարդ ու միրքաւոր չէիր ջոկիլ, բոլորը միասին ջահելացել՝ կայտառացել էին։ Պապիս պէս պատուելի իշխանները կալերումը լախտի էին խաղում..… տէրտէրն էլ վերարկուն ծալած մի կողմ դրած, կապի ծփան փէշերը կոկիկ հաւաքած, գօտիկը խրած՝ էնպէս ծուլ-ծուլ էր լինում ճժի բոլորքովը, որ կ՚ասես, թէ սա իր կեանքումը միշտ ըմբըշամարտ է եղել։ Միմիայն լախտը, որ մէջքախառն ուսագըլխին հասնում էր, զգում էր, որ էսպէս բան իր օրումը չի տեսել։ - Դէ, հեր օրհնած, մի քիչ էլ կարգիս խնայեցէք, կամաց տուէք, է՛- ասում էր մեր Տէր հայրը… -Ոչինչ, տէրտէր ճան, էսօր արձակուրդ ա, Բարեկենդան օրեր ա, խելքներս կորել ա- պատասխանում էին մեր իշխանները ու իրենց խաղի հետ ընկնում»։

Երեկոները ուրախութեան ամենաթունդ պահուն կը լսուէր կենդանական անճոռնի ձայներ։ Յանկարծ գոմէն դուրս կու գար անհաւանական «մայմուն» մը՝ հագուած մորթիներ, դէմքը անճանաչելիօրէն այլանդակուած ու մրոտուած, այս ու այն կողմ կը թռչկոտէր մինչեւ տանտէրերը ուտելու բան մը տային, որմէ ետք կը թողնէր կ՚երթար մէկ այլ տուն։ Ասոնք հիմնականօրէն ձմեռուայ չար շվոտ ոգիները կը յիշեցնէին։

Ամէնուր այդ օրերուն կը շղթայուէր շուրջպարերը, կ՚երգուէր հին ու նոր՝ տեղին վրայ յօրինուած երգեր։ Աղջիկներ ու տղաներ խումբ-խումբ կը բաժանուէին եւ հարցուպատասխանիք պարերգեր կը յօրինէին։ Զանազան մրցախաղեր կը խաղային, որոնցմէ էր գօտիով խաղը, գնդակախաղերը, ճանը եւ այլն։

«Ըհը եկան Հայոց ազգին օրերը,
Հանեցէք հիները, հագէք նորերը,
Բարկեննուն օրերը, Զատկուն Կիրակին,
Եկանք ի Բարեկենդան, կ՚երթանք ի Զատիկ»։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021