ՎԵՐԱՆԱՅՈՒՄ ՉԿԱՅ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ հանդէս եկաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ յայտարարութիւնով մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան նախընթաց օր երկրի խորհրդարանէն ներս յայտարարած էր, որ Արցախի պարագային կարգավիճակը բռնի ձեւով փոխուած է եւ Թուրքիա այլեւս պատրուակ մը չունի Հայաստանի հետ սահմանը փակ պահելու։ Նախարար Այվազեանի այս յայտարարութիւնը հայկական քաղաքական շրջանակներէն ներս միանշանակ չէ ընկալուած։ Սա յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Երեւանի կողմէ Անգարային ուղղուած առաջին պատգամն էր։ Հաշուի առնելով նաեւ արձագանգները՝ նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ հանդէս եկաւ յաւելեալ յայտարարութիւններով։ «Հայաստան որեւէ ձեւով չէ վերանայած տարածքաշրջանէ ներս Թուրքիոյ ապակառուցողական ներգրաւման վերաբերալ իր գնահատականը», յայտնեց բանբերը։

«Հայաստանի բոլոր կառավարութիւնները, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ յառաջատար կազմակերպութիւնները մշտապէս ապօրինի համարած են Թուրքիոյ կողմէ շրջափակումը եւ հանդէս եկած են անոր դադրեցման դիրքերէն», նշեց Նաղդալեան՝ անդրադառնալով նաեւ այժմ որդեգրուած դիրքորոշման վերաբերեալ քննադատութիւններուն։ Ըստ իրեն, Արա Այվազեանի խորհրդարանէ ներս կատարած յայտարարութիւնները դուրս կը բերուին ընդհանուր համատեսքէն ու որեւէ ձեւով չեն ցոլացներ Երեւանի գնահատականն ու մօտեցումները Անգարայի՝ տարածքաշրջանէ ներս ներգրաւման առընչութեամբ։ Ուստի, հայկական կողմի վերջին տասնամեակներու դիրքորոշումը այս հարցին մէջ որեւէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած։ «Վստահ ենք, թէ Թուրքիոյ ուղղակի ներգրաւուածութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած պատերազմին մէջ, Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւնները եւ այլ զանգուածային ոճրագործութիւնները առաւել այժմէական կը դարձնեն հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը՝ նմանօրինակ միջազգային ոճիրներու կանխարգիլման եւ չկրկնուելուն նպատակով։ Այս հարցին մէջ Հայաստան պիտի շարունակէ իր սերտ համագործակցութիւնը սփիւռքահայ հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, հարկ կը համերենք ընդգծել, որ զանազան առիթներով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ պիտի դիտարկենք ո՛չ թէ Թուրքիոյ կողմէ հնչած յայտարարութիւնները, այլեւ՝ գործողութիւնները։ Ցայսօր այդ գործողութիւնները չեն եղած շինիչ։ Այս առումով կը փափաքէինք նաեւ մէջբերել նախարարի դիրքորոշումը, թէ Հայաստանի, մեր դիւանագիտութեան, մեր ժողովուրդի համար պէտք է մեր շուրջ ձեւաւորել բարենպաստ մթնոլորտ, բնականաբար, չխախտելով կարմիր գիծերը եւ պաշտպանելով մեր պետական ու ազգային շահերը», նշեց Աննա Նաղդալեան յայտարարութիւններուն մէջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի խորհրդարանէն ներս մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութեան երեսփոխաններէն Յովհաննէս Իգիթեանն ալ երէկ անդրադարձաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները շատ հեռու են բարեկամական ըլլալէ։ Ըստ Իգիթեանի, ինքը կը հետեւի թէ՛ նախագահ Էրտողանի եւ թէ նախարար Չավուշօղլուի յայտարարութիւններուն։ Պատգամաւորը բաւական մտահոգիչ որակած է այդ բոլորը ու պնդած է, որ անոնք ցեղապաշտական են։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021