ԽԻՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Ուքրայնայի ճգնաժամը կը շարունակէ միջազգային օրակարգը բնորոշել, նաեւ տագնապեցնել։ Արդարեւ, շահագրգիռ կողմերը մէկ կողմէ կը հրահրեն լարուածութիւնը, իսկ միւս կողմէ մտահոգութիւնները կը խորանան՝ «երրորդ աշխարհամարտի» մը ծագման հաւանականութեան մասին։ Առկայ լուրջ տագնապի պայմաններուն ներքեւ Ռուսաստանի եւ արեւմտեան յառաջատար դերակատարներուն միջեւ կը շարունակուին դիւանագիտական խիտ շփումները։

Այսօր հեռախօսազրոյցներ նախատեսուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի միջեւ։ ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվըն քանի մը օր առաջ տեղեկացուցած էր, որ Պայտըն-Փութին հեռախօսազրոյց մը կը նախատեսուի։ Երէկ ալ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ երկու ղեկավարներու հեռախօսազրոյցը տեղի կ՚ունենայ այսօր։ Անոնք Մոսկուայի ժամանակով երեկոյեան ժամերուն զրուցել ծրագրած են։ Փեսքով նաեւ յայտնեց, որ Պայտընի առընթեր Փութին հեռախօսազրոյց մըն ալ կ՚ունենայ Մաքրոնի հետ, որ ներկայ շաբթուայ սկիզբին ուղեւորութիւն մը իրականացուցած էր դէպի Մոսկուա եւ Քիեւ, աւելի վերջ ալ հանդիպած՝ Պերլին։ Մաքրոնի Ուքրայնա այցելութենէն վերջ Փութինի հետ հեռախօսազրոյց մը ունենալը արդէն նախատեսուած էր։

Դիւանագիտական այս խիտ շփումներու մթնոլորտին մէջ շահագրգիռ կողմերը դաշտի վրայ կը շարունակեն առնել այնպիսի քայլեր, որոնք հեռու կը մնան լիցքաթափում ապահովելիք գործօններ դառնալէ։ Ռուսաստան մօտաւորապէս 40 հազար զինուորի մասնակցութեամբ զօրավարժութիւններ կ՚իրականացնէ Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ։ Այդ ռազմափորձերը համատեղ բնոյթ ունին Սպիտակ Ռուսիոյ բանակին հետ։ Մինչ Ուքրայնայի սահմանին վրայ ռուսական զօրքերու լուրջ կուտակում մը իրականացուած է, Սպիտակ Ռուսիոյ հետ համատեղ զօրավարժութիւններուն առընթեր, Ռուսաստան ռազմափորձի մըն ալ ձեռնարկեց Սեւ ծովու մէջ։ Փորձարկուեցան բազմաթիւ հրթիռներ։ Իսկ ԱՄՆ բազում բեռնատար օդանաւներով զէնք ու զինամթերք կ՚առաքէ դէպի Ուքրայնա՝ Ռուսաստանի հաւանական յարձակման պարագային օգտագործման նպատակով։ Այդ ամբողջին մէջ ուշագրաւ են հակահրասայլային հրթիռները։ Բաց աստի, Ուքրայնայի հարեւան Լեհաստան ուղարկուած է եւս 3 հազար ամերիկացի զինուոր։ Ի լրումն այս բոլորին, ԱՄՆ-ի ռազմաօդային զօրքերն ալ մեծ կործանիչներ ուղարկած են դէպի Եւրոպա։ Այսպէս, «Թռչող բերդ» անուանեալ ամերիկեան չորս ռազմաօդանաւ ներկայիս կը գտնուի Անգլիոյ մէջ։

Այսօր երեկոյեան հեռախօսազրոյցին ընդառաջ, Պայտըն ամենայոռետես յայտարարութիւններէն մին ըրաւ առկայ տագնապի մթնոլորտին մէջ։ Այսպէս, ան կոչ ուղղեց, որպէսզի ամերիկահպատակները անմիջապէս լքեն Ուքրայնան։ Պայտըն յայտնեց, որ հաւանական պատերազմի մը ծագման պարագային դժուար թէ կարողանան ամերիկացիները փրկելու համար զօրք ուղարկել։ Իր խօսքով՝ եթէ ամերիկացիները եւ ռուսերը սկսին իրարու դէմ կրակել, ապա համաշխարհային պատերազմ մը պիտի ծագի։ Իր կարգին, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն ալ յայտնեց, որ Ռուսաստան ամէն պահ կրնայ բռնագրաւել Ուքրայնան։

ՆԱԹՕ-ն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Ուքրայնայի տագնապին։ Դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ երէկ այցելեց Ռումանիա, որ կը գտնուի Սեւ ծովու ափին եւ որու տարածքէն ներս ՆԱԹՕ-ի ռազմախարիսխ մը գոյութիւն ունի։ Այս առթիւ Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ Եւրոպայէ ներս իսկական ռիսք գոյութիւն ունի ռազմական հակամարտութեան մը ծագելուն շուրջ։

Այս պաշտօնական յայտարարութիւններուն առընթեր, միջազգային լրահոսին վրայ ալ արձագանգ կը գտնեն զանազան կանխատեսումներ, ըստ որոնց Ռուսաստան կրնայ Ուքրայնան գրաւելու համար շարժման անցնիլ՝ նախքան Փեքինի ձմրան ողիմպիականներուն աւարտը։

Շաբաթ, Փետրուար 12, 2022