ԿԵԱՆՔԻ ՎԱԶՎԶՈՒՔԸ՝ ՊԱՏՈՒՀԱՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱԿԷՆ

Պատուհանը, ըստ էութեան, շրջանակ մըն է, ուրկէ կը ցոլանայ կեանքին կամ զանազան կեանքերու պատկերը։ Հայաստանեան բաւական ընդհանրացած հոմանիշով քարերը շատ աւելի լաւ կ՚իյնան իրենց տեղը՝ լուսամուտ... Մութին մէջ պատկեր կը պարզուի՞ միթէ։ Լոյսին մէջ է, որ պատկերը կը յստականայ։ Լուսամուտէն թափանցած լոյսն ալ կեանքի բազում դրուագներ կը պարզէ աչքի առջեւ։

Պատուհանի երկու կողմէն ալ երեւցածները, անոր շրջանակին մէջ փոխադարձաբար տեղաւորուածները դիտելը հետաքրքրական է։ Երբ նայիս ներսէն դուրս՝ ընդհանուր, մեծ կեանք մը կը հոսի։ Նուա՞զ խայտաբղէտ է պատկերը միթէ հակառակ ուղղութեամբ։ Դուրսէն դէպի ներս նայիլն ալ շատ հետաքրքրական է՝ որքան ատեն, որ բարոյական հարցեր չեն յառաջանար։ Կեանքի բազում դրուագներու մեծ համադրութիւն մը...

Մեծ քաղաքներու կեանքին հոսքը, ձեւով մը, հանրային փոխադրամիջոցներու մէջ է։ Մարդիկ անոնց պատուհաններու երկու կողմէն ալ կը տեսնեն կամ կը նկատեն զիրար։ Մտնողներ, մնացողներ ու դուրս եկողներ... Բոլորն ալ պատուհանին մէկ կողմէն տարբեր են, իսկ միւս կողմէն՝ բոլորովին տարբեր: Դերերու հերթափոխութիւնով հոսք մը, որ յաճախ կ՚որակուի կեանքի վազվզուք։

Եթէ պատուհանը շրջանակ մըն է, ապա որքան դիպուկ բանաձեւում ունի Մուրատհան Մունկանի բանաստեղծութիւնը, որու հիման վրայ երգ մըն ալ յօրինուած է. «Կա՛մ շրջանակէն դուրս ես եւ կամ անոր մէջը տեղ պիտի առնես, երբ դուն մէջն ես, իսկ գլուխդ՝ դուրսը… Բանաստեղծութիւններով եւ երգերով ինքզինքդ պիտի մխիթարես»։

Շաբաթ, Փետրուար 12, 2022