ՊԱՔՈՒԻ ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի յատուկ նիստին ընթացքին։ Վիեննայի մէջ ան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ լուրջ քննադատութիւններ հասցէագրեց Պաքուին։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի կողմէ որդեգրուած քաղաքականութիւնը կը ձգտի խափանել բանակցային գործընթացը, որ կ՚ընթանայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափին մէջ։ Նալպանտեանի խօսքով, Պաքու պատանդ կը դարձնէ համատեղ որոշումները՝ փորձելով պարտադրել իր նեղ նպատակները։ Նախարարը աւելցուց, որ Ատրպէյճան կը զբաղի ինքնախաբէութեամբ ու կը շարունակէ հակադրուիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն։ Ազէրի կողմը կ՚ընէ առաւելագոյնը՝ խաղաղ բանակցութիւնները ձախողեցնելու համար։ Բանակցութիւններուն ներգրաւուելու փոխարէն՝ Պաքու կը փորձէ բանակցութիւններու աճպարարութիւն ստեղծելու նպատակով ներկայացնել սեփական գաղափարները՝ որպէս համանախագահներու առաջարկներ, կը խեղաթիւրէ հակամարտութեան եւ բանակցային գործընթացին էութիւնը, արշաւ կ՚իրականացնէ Մինսքեան խմբակը հեղինակազրկելու նպատակով։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցան՝ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին ներկայ փուլին կացութիւնը։