ՕՊԱՄԱՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԱՅՑԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի յատուկ ներկայացուցիչ Զօրավար Ճոն Էլըն ներկայիս Եւրոպայի մէջ շրջայց մը իրականացնել կը պատրաստուի։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարի շրջագծով Օպամայի յատուկ ներկայացուցիչն է Ճոն Էլըն, որ իր ներկայ ուղեւորութիւնը կ՚իրականացնէ օգնականին՝ Պրէտ Մքկուրքի հետ։
Կը հաղորդուի, որ իր այցելութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ չորս երկիրներ՝ վերոյիշեալ խմբաւորման դէմ պայքարի վերաբերեալ քննարկումներ իրականացնելու առաջադրութեամբ։
Ճոն Էլըն 12-13 Մարտին Իտալիոյ մէջ շփումներ ունենալէ վերջ, ուղեւորութեան շրջագծով պիտի ժամանէ նաեւ Թուրքիա, ուր Անգարայի ղեկավարութեան հետ պիտի ծաւալէ քննարկումներ։