ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ ներկայ հանգրուանին նուազ հաւանական կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ պատերազմի վերսկսումը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սէյրան Օհանեան վերջերս հաւաքոյթի մը մասնակցեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ։ Ան այս առթիւ պատասխանեց հաւաքոյթի մասնակիցներու զանազան հարցումներուն։ Նախարար Օհանեան շեշտեց, թէ Հայաստան կողմնակից է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման եւ այդ ուղղութեամբ կ՚իրականացնէ քայլեր։ «Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ տարուած աշխատանքի հիմքին կը գտնուի հարցի քաղաքական, խաղաղ երկխօսութեան միջոցաւ կարգաւորումը։ Այս մէկուն հիմքին պէտք է գտնուին վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղեալ քայլերը եւ փոխադարձ համաձայնութիւնները», համոզուած է Օհանեան, որ ցաւով նշեց, թէ Ատրպէյճան չի փափաքիր շինիչ աշխատանք տանիլ, չի փափաքիր վստահութեան միջոցներ ձեւաւորել, զերծ մնալ առաջին գծի վրայ զանազան խախտումներէ, չի փափաքիր հեռու մնալ հրադադարի խախտումներէ եւ ներթափանցման գործողութիւններէ։ Ան յիշեցուց, որ Ատրպէյճան կը մերժէ նաեւ հրադադարի խախտումներու միջազգային հետաքննութեան դրութիւններու հաստատման ուղղեալ առաջարկները։ «Սա կը խօսի այն մասին, թէ Ատրպէյճան հետեւողականօրէն կը լարէ իրավիճակը՝ ունենալով երկրէն ներս քաղաքական նպատակներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական միակողմանի նպատակներ միջազգային ասպարէզի վրայ՝ չհասկնալով, որ մենք չենք վախնար։ Ինչպէս ըսած է հանրապետութեան նախագահը, մենք կը վախնանք պատերազմէն, սակայն չենք վախնար կռուելէ։ Այսինքն, մենք պատրաստ ենք պաշտպանելու մեր երկիրը եւ Արցախը, որ կը հանդիսանայ մեր երկրի սուրբ մասը», ըսաւ Սէյրան Օհանեան։
Հաւաքոյթին ընթացքին նախարարը աւելցուց, թէ առկայ իրավիճակին մէջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատերազմի կը մասնակցի ամէն օր։ «Բայց ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը, միջազգային եւ տարածքաշրջանային զարգացումները այսօր չեն խօսիր այն մասին, թէ կրնան լայնածաւալ մարտական գործողութիւններ ծաւալուիլ, որովհետեւ մենք ալ մեր հերթին ամէն ինչ կ՚ընենք հակառակորդի նկրտումները զսպելու համար։ Եթէ ըլլան մարտական գործողութիւններ, ստիպողութեան առջեւ, մենք անկասկած պէտք է պաշտպանենք մեր հայրենիքը», ընդգծեց Սէյրան Օհանեան։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը բաւական բարդ ռազմաքաղաքական իրադրութան մը պայմաններուն ներքեւ կ՚իրականացնէ իր գործունէութիւնը։ Իր խօսքերով, տարածքաշրջանը փխրուն է իր անվտանգութեան կառուցուածքով։ «Այսօր մեր տարածքաշրջանի պարագային հետաքրքրութիւններու տէր գերտէրութիւններու շահերու ամրապնդման զուգահեռ՝ մենք կ՚ամրապնդենք մեր երկրի անվտանգութեան համակարգը», շարունակեց Սէյրան Օհանեան եւ ընդգծեց, թէ վերջին տարիներուն Հայաստան ունեցած է հիմնական ձեռքբերումներ, որոնցմէ մին է Պաշտպանութեան նախարարութեան գործունէութեան ռազմավարական ծրագրերուն վրայ յառաջ մղուիլը։ Ներկայիս նախարարութիւնը կ՚իրականացնէ զինեալ ուժերու, սպառազինութեան եւ ռազմական սարքաւորումներու զարգացման ծրագիր մը։ Այս փուլին նախորդած են մեծածաւալ աշխատանքներ՝ պաշտպանական, ռազմավարական ծրագրերու իրականացման առումով։ Այդ բոլորին նպատակը եղած է Հայաստանի անվտանգութեան միջավայրի ուսումնասիրութիւնը, բոլոր սպառնալիքներու բացայայտումը։
Օհանեան յիշեցուց, թէ Արցախի ազատամարտին մասնակցած է ոչ միայն բանակը, այլ ամբողջ ժողովուրդը։ Ուստի, հայկական բանակի կազմաւորման ակունքներուն մէջ կը գտնուի ամբողջ ժողովուրդի տարիներու քրտնաջան, չարքաշ աշխատանքը։
Նախարար Օհանեան բացատրեց նաեւ, թէ Հայաստանի Զինեալ ուժերը կը համալրուին հեռահար ու ճշգրիտ խոցման զինատեսակներով։ Ըստ իրեն, երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը բաւական լուրջ աշխատանք տարած է ժամանակակից սպառազինութեան եւ ռազմական սարքաւորումներու ապահովման ուղղութեամբ։ Այս բոլորը կ՚իրականացուին մշակուած համապատասխան նախագծերու շրջանակներէն ներս։ «Ես կը հասկնամ, որ սա մեր հասարակութեան համար ամենահետաքրքրական նիւթերէն մին է, շատ յաճախ հարցումներ կ՚ուղղեն։ Ես պէտք է ըսեմ, որ այդ բոլորը կ՚իրականացուի հանրապետութեան գերագոյն-գլխաւոր հրամանատարի անմիջական ղեկավարութեամբ», ըսաւ Սէյրան Օհանեան ու վստահեցուց, թէ ժամանակակից սպառազինութեան ապահովման հարցին մէջ Հայաստանի ծրագրերուն գծով շեղումներ չկան։ «Մարդիկ շատ յաճախ կը փափաքին հասկնալ, թէ ի՞նչ տեսակ զինատեսակներ կ՚ապահովենք։ Իմ պատասխանը հետեւեալն է՝ մենք շեղումներ չունինք մեր ծրագրերուն մէջ։ Մեր ռազմաթեքնիկ համագործակցութիւնը կ՚ապահովէ սպառազինութեան եւ ռազմական թեքնիկի զարգացում։ Մենք ձեռք կը բերենք ժամանակակից հեռահար եւ ճշգրիտ խոցման զինատեսակներ։ Համոզուած եմ, որ որքան քիչ ըլլան այս մասին հարցումները, այնքան աւելի դիւրին կ՚իրականացնենք մեր առջեւ դրուած խնդիրներուն լուծումը», աւելցուց Օհանեան։
Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան քայլեր կ՚իրականացնէ ռազմական արդիւնաբերութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ։ «Գիտէք, որ մենք մեր սպառազինութեան մեծ մասը ժառանգած ենք Խորհրդային Միութենէն, սակայն հիմա քայլերու կը ձեռնարկենք նաեւ արեւմտեան չափանիշներուն համապատասխան ժամանակակից սպառազինութիւն ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ մեր սեփական ռազմական արդիւնաբերութիւնը զարգացնելու համար», ընդգծեց Օհանեան։
Օհանեան յիշեցուց, որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը արդէն հաւանութիւն տուած է ռազմական արդիւնաբերութեան հայեցակարգին։ «Այսօր մեծ աշխատանքներ կը կատարուին, որպէսզի արեւմտեան չափանիշներուն համապատասխան միջոցներ ունենանք ու զարգացնենք մեր հայրենական արդիւնաբերութիւնը», մատնանշեց ան։