ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Միջերկրականի արեւելքի պարագային ծագած տարածքաշրջանային անհամաձայնութիւնները կրնան լուծուիլ խաղաղ ճանապարհով ու դիւանագիտական միջոցներով։

Պետական քարտուղար Պլինքըն ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէէն ներս մասնակցած նիստին ժամանակ բացատրութիւններ տուաւ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչախումբի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ Պատասխանելով Կիպրոսի եւ Միջերկրականի արեւելքի խնդիրներուն վերաբերեալ հարցումներու՝ Պլինքըն բացատրութիւններ տուաւ այդ բոլորին շուրջ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ։ Էնթընի Պլինքըն մտահոգութիւն յայտնեց Միջերկրականի արեւելքէն ներս առնուած կարգ մը քայլերուն՝ մասնաւորապէս Թուրքիոյ կողմէ ուժանիւթի աղբիւրներու եւ ծովային տարածքի սահմաններու նիւթերուն բերումով առնուած քայլերուն կապակցութեամբ։

Կոմիտէի նիստին ընթացքին պետական քարտուղարը դիտել տուաւ, որ վերջին շրջանին տարածքաշրջանէ ներս դրական իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են։ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան եւ միւս կողմերուն հետ երկխօսութեան մէջ մտած է՝ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով յառաջանալու նպատակով։ Ամերիկեան կողմը կ՚ողջունէ այս երեւոյթը։ Ան ընդգծեց նաեւ տարածքաշրջանի պարագային Ուաշինկթընի դիւանագիտական դերակատարութեան կարեւորութիւնը։

Կիպրոսի հարցին անդրադառնալով՝ Էնթընի Պլինքըն դիտել տուաւ, որ ամերիկեան կողմը կը խրախուսէ համապարփակ լուծում մը, որով կղզիի վրայ երկու հատուածով եւ երկու հաւաքականութիւնով դաշնակցութիւն մը ստեղծելու նպատակով միութիւն կրնայ գոյանալ։ ԱՄՆ կը պատրաստուի մասնակցութիւն բերել՝ այս հաւանականութեան զարգացման ուղղեալ ջանքերուն։ Ուաշինկթըն ՄԱԿ-ի կողմէ ստանձնուած բանալի դերակատարութիւնը պիտի խրախուսէ։ Էնթընի Պլինքըն ընդգծեց, որ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը ուղղակի դերակատարութիւն մը պիտի ունենայ այս գործընթացին մէջ։

Մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ Էնթընի Պլինքընի այս յայտարարութեան ժամկէտը կարեւոր է։ Արդարեւ, Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութենէն ներս նկատելիօրէն քաղաքական կամքը կ՚ամրապնդուի՝ երկու պետութիւնով լուծումի մը ուղղութեամբ։ Բաց աստի, յառաջիկայ ամիս Կիպրոսի հիմնախնդրին շուրջ նախատեսուած է երաշխաւոր պետութիւններու գագաթաժողով մը։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021