ԱՆՀԱՄԱՉԱՓ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ

Պատկերացուցէք այսպիսի վիճակ մը։ Պաշտպանութեան նախարարութիւն կու գայ գերագոյն հրամանատարը, որ բացարձակապէս ոչինչ կը հասկնայ ռազմական գործէն եւ իր գործողութիւններուն մէջ կ՚առաջնորդուի ո՛չ թէ պետութեան անվտանգութեան շահերով, ոչ ալ նոյնիսկ պարզ տրամաբանութեամբ, այլ միայն՝ սեփական յաւակնութիւններով ու ֆանթազիներով եւ գովազդային (PR) ցոյցեր ընելու ձգտումով։ Ան հրամանատարական կազմի հետ կ՚իրականացնէ խորհրդակցութիւն, որու ընթացքին կը հրամայէ. «Վաղը բոլորդ կը վերցնէք ջրային ատրճանակները, կ՚երթաք Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ գիւղերը եւ այնտեղ կը կրակէք հակառակորդին վրայ»։ Ի՞նչ պէտք է ընեն զօրավարները.

Ա- Դուրս պէտք է հանեն սենեակէն նման հրամանատարը,

Բ- Յայտարարեն, որ այդ հրամանը պիտի չկատարեն,

Գ- Լուրջ դէմքով գլուխները շարժեն եւ կատարեն հրամանը՝ բնականաբար, վարչապետի տեսախցիկներուն առջեւ։

Առաջին երկու պարագային անոնք կը խախտեն օրէնքը եւ գուցէ կը մեղադրուին ռազմական յեղաշրջման մէջ։ Երրորդ պարագային անոնք կը վարկաբեկուին հանրութեան աչքին ու կը վտանգեն մեր անվտանգութիւնը։ (Ի դէպ, շատ հաւանական է, որ պատերազմի ժամանակ անոնք ստիպուած նման անհեթեթ հրամաններ կատարած են, իսկ հիմա, ըստ իշխանութեան վարկածին, ամէն ինչի մէջ բանակն է մեղաւոր)։ Այս պայմաններուն ներքեւ զօրավարներու համար միակ արժանապատիւ եւ օրինական ելքն է հրաժարական տալը, իսկ յետոյ հասարակութեան դիմելը. «Սիրելի հայրենակիցներ, գերագոյն հրամանատարը համաչափ չէ, իր հրամանները անհեթեթ են, իր՝ պաշտօնի գլուխ մնալը սպառնալիք է ազգային անվտանգութեան համար»։

Մօտաւորապէս, ժամանակին այդպէս վարուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին պետ Արթուր Վանեցեանը։ Ոեւէ բանիմաց մարդու համար «սատանաներ փնտռելու» տիպի հրամայականները վիրաւորական են եւ այդպէս կը մտածեն նաեւ նոյն կառոյցի մի շարք այլ, բնականաբար, նախկին դարձած ղեկավարներ։ ԱԱԾ-ի ներկայ պետը, ընդհակառակն՝ «ֆէյքեր փնտռելու» (ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած ապատեղեկատուութիւն) հրահանգը վիրաւորական չի համարեր եւ հաճոյքով կը կատարէ զայն։ Դառնանք բանակի հրամանատարական կազմին։ Այդ մարդիկ, առանց հրաժարական տալու, իրենց անվստահութիւնը յայտնեցին վարչապետին դէմ, ինչ որ նոյնպէս կարելի է դիտել որպէս իւրայատուկ ուղերձ՝ ուղղուած հասարակութեան։

Իշխանութիւնը զանոնք մեղադրեց քաղաքականութեան խառնուելով, ընդդիմութիւնը՝ անվճռականութեան մէջ։ Որպէս հետեւանք՝ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահն ու իր տեղակալը հրաժարական տուին, մնացեալը դիմացան ստորնացման։ Բայց առաւել կարեւոր հարցը հետեւեալն է. ինչպէ՞ս վարուիլ, եթէ պետութեան ղեկավարը համաչափ չէ, բայց քաղաքացիներու մեծ մասը գոհ է իր կառավարումէն, կը համակրի անոր եւ չի փափաքիր, որ ան փոխուի, անկախ այն բանէն, թէ սա ի՛նչ պիտի արժէ մեր պետութեան համար։ Յամենայնդէպս, կ՚արժէ այս բանը ստուգել՝ ընտրութիւններու միջոցաւ։ Եթէ այդ առաջնորդը իսկապէս կը վայելէ քաղաքացիներու մեծամասնութեան աջակցութիւնը, ապա մեղքը այդ իսկ քաղաքացիներունն է։ Զօրավարները այդ հարցին մէջ ոչինչով կրնան օգնել։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021