ՆՇԱՆԱԿՄԱՆ ՅԱՆԿԵՐԳ

Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ տագնապին մէջ կը շարունակուին անհաւատալի իրադարձութիւնները։ Նմանաբնոյթ երեւոյթները այս շրջանին, դժբախտաբար, յաճախակի դարձած են նաեւ բանակի պարագային, ինչ որ ակնյայտ ապացոյց մըն է՝ թէ պետականութեան գոյութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները որքան արդար են։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ մերժեց վաւերացնել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագիրը, որով զօրավար Արտակ Դաւթեան պիտի դառնար երկրի նոր ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը։ Նախագահի գրասենեակը տեղեկացուց, որ առարկութիւններով այդ հրամանագիրը ետ ուղարկուած է կառավարութեան աշխատակազմ։ Քիչ անց կառավարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ վարչապետը որոշած է իր հրամանագիրը նոյնութեամբ ետ ուղարկել նախագահական աշխատակազմ՝ համապատասխան առարկութիւններով։

Այսինքն գրեթէ նոյն պատկերը ստեղծուեցաւ՝ նախկին սպայակոյտի նախագահ Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման փուլին հետ։

Աւելի ուշ, նախագահի գրասենեակը տեղեկացուց, որ Արմէն Սարգսեան վարչապետի հրամանագիրը պիտի չվաւերացնէ, սակայն պիտի չդիմէ Սահմանադրական ատեան։

Այսպէսով, ինչպէս Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկումը, այնպէս ալ Արտակ Դաւթեանի պաշտօնի անցնիլը իրաւունքի ուժով պիտի ըլլայ, առանց Հանրապետութեան նախագահի վաւերացման։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկումը համարած էր հակասահմանադրական, ուստի, ըստ երեւոյթին, անոր փոխարինման պարագային կը փորձէ ցոյց տալ, թէ անդրդուելի կը մնայ իր համոզման մէջ ու չի վաւերացներ նաեւ անոր յաջորդի նշանակումը։

Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնանկութեան պարագային Արմէն Սարգսեանի որդեգրած դիրքորոշումը ընկալուած էր՝ որպէս վճռակամութեան պակաս։ Այս անգամ ալ երեւոյթը գրեթէ նոյնն է։ Հանրապետութեան նախագահը զգալի կը դարձնէ իր սկզբունքային վերապահութիւնը, սակայն իր գործողութիւններով այդ մէկը գործնական դաշտ չի տեղափոխեր։ Ընթացիկ ժամանակներու պարագային սա կրնայ որոշ տրամաբանութիւն մը ներկայացնել, սակայն, Հայաստանի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ այս գործելաոճը հարցաքննութեան ու նոյնիսկ քննադատութեան դուռ կը բանայ։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021