ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՄՆ-ԷՆ 52 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ

Ուաշինկթըն կը նախատեսէ 52 միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացնել Երեւանին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան արտաքին աջակցութեան գրասենեակի փոխ-տնօրէն Թրէյսի Քարսոն յայտնեց, որ այդ միջոցները՝ մասնաւորապէս նախատեսուած են Հայաստանի տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար։ Ամերիկացի պաշտօնատարը այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց այս կապակցութեամբ։

Հարկ է յիշեցնել, որ 2023 թուականի սեպտեմբերին, երբ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումը տեղի ունեցաւ եւ աւելի քան 100 հազար հայեր ստիպուեցան լքել իրենց տուները, ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած էր, որ պիտի շարունակուի աջակցութիւնը Հայաստանին ի նպաստ՝ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ երկրի հարեւանութեամբ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն գծով։

Իր կարգին, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըրն ալ հաստատեց այս տեղեկութիւնը։ Միլըր ըսաւ, որ ԱՄՆ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ տնտեսութեան ամրապնդման նպատակով կը նախատեսէ իր պիւտճէէն գումար յատկացնել Հայաստանին։ «Պիւտճէն Հայաստանի համար կ՚ենթադրէ 52 միլիոն ամերիկեան տոլար», ըսաւ բանբերը, որ նոյնպէս գոհացաւ շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ փոխանցելով։

Երեքշաբթի, Մարտ 12, 2024