Կիրակի 11, Մայիս 2025
ԱՏՈԼՖ Հիթլէրի ծնած տունը…
Աւստրիայի իշխանութիւնները մտադիր են մասնաաւոր սեփականատիրոջմէ գնել այն տունը, ուր ծնած է նացիական Գերմանիոյ ղեկավար Ատոլֆ Հիթլէր:
Ան պիտի գնուի, որպէսզի տունը նացիական գաղափարախօսութեան հետեւորդներու համար իւրօրինակ սրբատեղի չդառնայ:
Աւստրիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան բանբերին փոխանցմամբ, որպէսզի կառավարութիւնը կարողանայ գնել տունը, Աւստրիոյ մէջ պէտք է իրականացուին շարք մը օրէնսդրական փոփոխութիւններ: Պրաունաու քաղաքին մէջ գտնուող տունը ներկայիս կը պատկանի Կերլին Պոմպէրին: Արդէն շուրջ մեկ դարէ մը ի վեր տունը կը պատկանի անոր ընտանիքին։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2016