ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել հա­մայն հա­յու­թեան օ­րա­կար­գը։ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը բազ­մա­կող­մա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս կու գայ՝ թէ՛ ար­տա­քին եւ թէ ներ­քին ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Ե­րե­ւա­նի եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը ձգտին Ատր­պէյ­ճա­նի վեր­ջին լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը հնա­րա­ւո­րինս յաղ­թա­հա­րել եւ նոյն­պէս հնա­րա­ւո­րինս կա­յու­նաց­նել ի­րա­վի­ճա­կը։ Հայ եւ ա­զէ­րի կող­մե­րուն մի­ջեւ թէեւ կրա­կի դադ­րեց­ման վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում մը ըն­դու­նուած է, այդ ո­րո­շու­մը յա­րա­բե­րա­կան ան­դորր մը թէեւ ա­պա­հո­ված է, սա­կայն բա­խում­նե­րը վերջ­նա­կա­նօ­րէն չեն դադ­րած ու նոյ­նիսկ հայ­կա­կան կող­մը կը շա­րու­նա­կէ նոր զո­հեր ու­նե­նալ այդ պատ­ճա­ռով։ Ե­րէկ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­ցե­լեց Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, այս առ­թիւ ի­րեն զե­կու­ցուե­ցաւ այն քայ­լե­րուն մա­սին, ո­րոնց ներ­կայ շրջա­նին կը ձեռ­նար­կուի հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րուն մօտ։ Սերժ Սարգ­սեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ տուաւ հա­մա­պա­տաս­խան յանձ­նա­րա­րա­կան­ներ։

Մինչ այդ, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցաւ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րով տե­ղա­կալ Ճեֆ­րի Ֆելթ­ման, որ Սերժ Սարգ­սեա­նին ա­ռըն­թեր հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեա­նի հետ։ Քննար­կուե­ցան տա­րած­քաշր­ջա­նի կա­յու­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Սերժ Սարգ­սեան դի­տել տուաւ, որ Ֆելթ­մա­նի այ­ցը զու­գա­դի­պած է բարդ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի մը, երբ տա­րած­քաշր­ջա­նի անվ­տան­գու­թիւ­նը կրկին վտան­գուած է։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ վեր­ջին օ­րե­րուն ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը։ Ան ընդգ­ծեց, թէ 1994 թուա­կա­նին հրա­դա­դա­րի հաս­տա­տու­մէն յե­տոյ Ատր­պէյ­ճան սան­ձա­զեր­ծած է ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ՝ հեր­թա­կան ան­գամ կոպ­տօ­րէն խախ­տե­լով ուժ կամ ու­ժի սպառ­նա­լիք չգոր­ծադ­րե­լու հիմ­նա­րար սկզբուն­քը։ Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Սարգ­սեան ա՛լ ա­ւե­լի կա­րե­ւո­րեց Ֆելթ­մա­նի այ­ցը՝ որ­պէս մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ու խա­ղա­ղու­թեան պահ­պան­ման հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու կա­ռոյ­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­յի ներ­կա­յու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ Ըստ Սարգ­սեա­նի, Ֆելթ­մա­նի այ­ցը Հա­յաս­տան եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի այլ եր­կիր­ներ՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ հան­դի­պում­նե­րու ար­դիւն­քով յստակ եւ ճշգրիտ պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մե­լու ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ։

Իր կար­գին, Ճեֆ­րի Ֆելթ­ման նշեց, որ ՄԱԿ կը հան­դի­սա­նայ բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­կու­թեան կար­գա­ւոր­ման ջա­տա­գո­վը եւ ընդգ­ծեց ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու դե­րա­կատ­րու­թիւ­նը որ­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հա­մա­ձայ­նե­ցուած ձե­ւա­չափ։

Նալ­պան­տեանն ալ Ֆելթ­մա­նի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուց Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի դէմ սան­ձա­զեր­ծուած յար­ձակ­ման հե­տե­ւանք­նե­րը եւ այդ ա­ռու­մով կա­րե­ւո­րեց ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ան­թոյ­լատ­րե­լիու­թեան վե­րա­բե­րեալ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան յստակ դիր­քո­րո­շու­մը։ Ֆելթ­մանն ալ խոր մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ի­րա­վի­ճա­կի սրման շուրջ ու նշեց, թէ ՄԱԿ ար­տա­յայ­տած է իր միաս­նա­կան դիր­քո­րո­շու­մը՝ ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւն ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րուն։

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ այս շրջա­նին պատ­րաս­տու­թիւն­ներ կը տես­նէ՝ մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ ար­ձա­գանգ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան ի­րա­ւուն­քի եւ պայ­մա­նագ­րե­րու խախ­տում­նե­րու փաս­տե­րուն շուրջ։ Ար­դա­րեւ, միայն հայ­կա­կան կող­մին փո­խան­ցուած նա­հա­տակ զի­նուոր­նե­րու մար­մին­նե­րու խոշ­տանգ­ման փաս­տե­րը բա­ւա­րար կը հա­մա­րուին մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րէն պա­հան­ջե­լու հա­մար՝ Ատր­պէյ­ճա­նի պատ­ժուի­լը։ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­րար Դա­ւիթ Տօ­նո­յեանն ալ այս նոյն հար­ցը ար­ծար­ծեց Կար­միր խա­չի Մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէի Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար Գա­րօ­լին Տի­ւէ­զի հետ ե­րէկ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին։

ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԱՐ­ՁԱ­ԳԱՆԳ­ՆԵՐ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով ե­րէկ հեր­թա­կան ան­գամ յայ­տա­րա­րեց, որ Մոս­կուա Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մարտ կող­մե­րուն կը յոր­դո­րէ՝ պահ­պա­նել հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։ «Մենք մտա­հո­գուած ենք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիի ի­րադ­րու­թեան սրման բե­րու­մով։ Կող­մե­րուն կը յոր­դո­րենք՝ կա­տա­րել մար­տա­կան բա­խում­նե­րու ան­յա­պաղ դադ­րեց­ման շուրջ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, թոյլ չտալ ա­նոնց խախ­տում­նե­րուն եւ, ի հար­կէ, շա­հագրգ­ռուած ենք, որ քա­ղա­քա­կան ճա­նա­պար­հով դրա­կան տե­ղա­շար­ժեր նկա­տուին այդ չա­փա­զանց բարդ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ Լաւ­րով։

Այ­սօր, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի լիա­գու­մար նիս­տի ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը։ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ եւ Եւ­րո­միու­թեան գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի այս առ­թիւ հան­դէս կու գայ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ա­ւե­լի քան 520 հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ղե­կա­վար­ներ այ­սօ­րուան ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը դի­մե­ցին Եւ­րո­խորհր­դա­րան։ Հարկ է նշել, որ այդ բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը պա­տե­րազ­մա­կան վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին աշ­խա­տած են հայ-ա­զէ­րի շփման գծին վրայ։ Ա­նոնց միա­ցած են նաեւ ղե­կա­վար­նե­րը այն կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին փոքր­մաս­նու­թիւն­նե­րու շա­հե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն։ Դի­մու­մին մէջ շեշ­տուած է, թէ ան­կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել ո­րե­ւէ հիմ­նա­ւո­րում՝ ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի վայ­րե­նի վե­րա­բեր­մուն­քը։

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եր­կի­րը՝ Գեր­մա­նիան ալ ներ­կա­յիս նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս կու գայ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի տան­տի­րու­թեամբ Պեր­լի­նի մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ԵԱՀԿ-ի եր­րեա­կի հան­դի­պու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին կը քննար­կուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ստեղ­ծուած վի­ճա­կը։ Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր այս առ­թիւ կը մէկ­տե­ղուի ԵԱՀԿ-ի նախ­կին շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Սեր­պիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չի­չի եւ ԵԱՀԿ-ի յա­ջորդ շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Աւստ­րիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սե­պաս­տիան Քուր­ցի հետ։ Եր­րեա­կի հան­դիպ­ման կը մաս­նակ­ցի նաեւ ԵԱՀԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Լամ­պեր­թօ Զա­նիէր։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծով ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ կու գան ԵԱՀԿ-ի ջան­քե­րը՝ ուղ­ղուած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման։

Ե­րէկ, Քո­փեն­հա­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի գրա­սե­նեա­կի նիս­տը, ո­րու քննար­կում­նե­րու ա­ռանց­քին էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը։ Ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի հար­ցե­րով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Քրիս­տիան Վի­կե­նին (Պուլ­կա­րիա)։ Այս առ­թիւ ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ վե­հա­ժո­ղո­վը խորհր­դա­րա­նա­կան մա­կար­դա­կի վրայ պատ­րաստ է ա­ջակ­ցիլ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նա­հար­ցի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ջան­քե­րուն։

ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ­ՆԵ­ՐՈՒ ԱՅ­ՑԸ

Մինչ այդ, Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ժա­մա­նած է Ե­րե­ւան։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը՝ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կոս եւ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ­նե­րուն հետ եւ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը պի­տի յայտ­նեն՝ ի խնդիր Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան։

ՄԱ­ՄԷ­ՏԵԱ­ՐՈՎ ԹՈՒՐ­ՔԻՈՅ ՄԷՋ

Միւս կող­մէ, Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով ներ­կա­յիս կը գտնուի Թուր­քիոյ մէջ։ Իր կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը այս եր­կու օ­րե­րուն Իս­թան­պու­լի մէջ կը մաս­նակ­ցի Իս­լա­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան 13-րդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ներ­կայ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին կա­յա­նա­լիք այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ Մա­մէ­տեա­րով կը մաս­նակ­ցի նա­խա­րար­նե­րու խորհր­դակ­ցու­թեան, նաեւ կ՚ու­նե­նայ շարք մը երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2016