ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ՃԱԿԱՏՆԵՐԷՆ ԴԷՊԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ կեան­քը կը վե­րա­դառ­նայ իր բնա­կա­նոն հու­նին: Տար­բեր աղ­բիւր­ներ կը յայտ­նեն, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն կամ նոյ­նիսկ ժա­մե­րուն Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը պի­տի ժա­մա­նեն Ստե­փա­նա­կերտ։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ եր­կու վե­հա­փառ հայ­րա­պետ­նե­րու այ­ցին մա­սին ա­ռա­ջին տե­ղե­կու­թիւ­նը տրուած էր Ան­թի­լիա­սի կող­մէ: Տե­ղե­կա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ նաեւ կը յայտ­նեն, որ եր­կու վե­հա­փառ հայ­րա­պետ­նե­րը շօ­շա­փե­լի նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ պի­տի տրա­մադ­րեն Ար­ցա­խին: Ստե­փա­նա­կերտ-Ե­րե­ւան ճամ­բան բնա­կա­նոն հու­նի մէջ է: Ճամ­բան նաեւ ա­կա­նա­տես կ­­՚ըլ­լանք Հա­յաս­տա­նէն դէ­պի Ար­ցախ փո­խան­ցուող մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն­ներ փո­խադ­րող շա­րա­սիւ­նե­րու: Օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ կը տրուին յատ­կա­պէս Ար­ցա­խի Մար­տա­կերտ շրջա­նէն ա­պա­հո­վա­կան պատ­ճառ­նե­րով Ստե­փա­նա­կերտ փո­խադ­րուած ըն­տա­նիք­նե­րուն, ո­րոնց թի­ւե­րուն մա­սին յստակ տուեալ­ներ չկան: Ստե­փա­նա­կեր­տի «Նա­յի­րի» հիւ­րա­նո­ցին մէջ, զո­ր օ­րի­նակ, ժա­մա­նած են մար­տա­կերտ­ցի յի­սու­ներ­կու բնա­կիչ­ներ, ո­րոնց մե­ծա­գոյն մա­սը ե­րա­խա­ներ եւ ա­նոնց մայ­րերն են: Պէտք է նաեւ նկա­տել, որ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ Շա­բաթ յետ­մի­ջօ­րէին անց­նող օ­րե­րուն հա­մե­մատ ե­րե­ւե­լի շարժ կայ: Քա­ղա­քը սկսած է վե­րա­դառ­նալ իր նախ­կին հու­նին: Քիչ չէ թի­ւը նաեւ այն լրագ­րող­նե­րուն, ո­րոնք հա­սած են Ստե­փա­նա­կերտ եւ ա­մէ­նօ­րեայ դրու­թեամբ յա­ճախ ու­ղիղ ե­թե­րով եւ յա­ճախ ալ ար­ձա­նագ­րուած տե­սագ­րու­թիւն­նե­րով կը լու­սա­բա­նեն դէպ­քե­րու ըն­թացքն ու ընդ­հա­նուր զար­գա­ցում­նե­րը:

ԱՐ­ՑԱ­ԽԵԱՆ Օ­ՐԱ­ԿԱՐ­ԳԸ ԴԱՐ­ՁԵԱԼ ԴԷ­ՊԻ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ԿԱՆ Օ­ՐԱ­ԿԱՐԳ

Այն պա­հուն, երբ եր­կու կող­մե­րու թնդա­նօթ­նե­րը կը լռէին, ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան ընդ­հա­նուր ա­ռանց­քին շուրջ նկա­տա­ռե­լի կը դառ­նար քա­ղա­քա­կան շփում­նե­րու նոր եւ բա­ւա­կան տի­նա­միք հո­լո­վոյթ մը: Այդ շփում­նե­րու ա­ռա­ջին հիմ­քը կը դրուէր ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու Պա­քու, Ստե­փա­նա­կերտ եւ ա­պա Ե­րե­ւան տուած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով: Ճիշդ է, որ հայ­կա­կան կող­մին հա­մար յատ­կա­պէս այս հանգ­րուա­նին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմ­­բա­կէն մեծ ակն­կա­լիք­ներ չկան: Սա­կայն բա­ցո­րոշ է, որ հայ­կա­կան կող­մը ա­մէն ճիգ պի­տի ը­նէր (մա­նա­ւանդ խօս­քը պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նի մա­սին է) սա­տա­րե­լու հա­մար այս խմբա­կի աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ձե­ւով մը դրա­կան նշան­ներ ուղ­ար­կել մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ ըն­դու­նուած այս մարմ­նին: Ատր­պէյ­ճա­նեան կող­մին հա­մար ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմ­­բա­կին դէմ տրուած գնա­հա­տական­ներ, ոչ միայն թե­րի են, այլ վի­րա­ւո­րա­կան: Ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ այդ մար­մի­նը ոչ մէկ ան­գամ կողմ­նա­կա­լու­թիւն ը­նե­լով հան­դէս կու գայ, ան կը շա­րու­նա­կէ մնալ Պա­քուի կող­մէ հնչած ծաղ­րա­կան խօս­քե­րու հիմ­նա­կան թի­րա­խը:

Մինս­քեան խմ­­բա­կէն զատ կա­րե­ւոր է տես­նել ռուս պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու մօտ ե­րե­ւե­լի աշ­խու­ժու­թիւն մը: Մոս­կուա ինչ­պէս միշտ, այս հանգ­րուա­նին ալ կը փոր­ձէ ա­մէն գնով եր­կու հա­կա­մար­տող կող­մե­րուն նոյն ակ­նո­ցով նա­յիլ ու շեշ­տել, որ թէ՛ Պա­քուն եւ թէ Ե­րե­ւա­նը իր բա­րե­կամ­ներն են ու ի­րենք օգ­տուե­լով այդ բա­րե­կա­մա­կան մթնո­լոր­տէն, պի­տի փոր­ձեն սա­տար կանգ­նիլ նոր հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու կնքման հա­մար տա­րուող ճի­գե­րուն: Նոյն ծի­րին մէջ պէտք է դնել Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւին նախ Ե­րե­ւան ու ա­պա Պա­քու կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը: Այս­տեղ պէտք է նշել, որ հայ­կա­կան ո­րոշ շրջա­նակ­ներ ի­րենց բո­ղո­քը յայտ­նե­ցին ռուս բար­ձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կող­մէ հնչած այն միտ­քե­րուն, ըստ ո­րոնց Մոս­կուա պի­տի շա­րու­նա­կէ զէն­քով մա­տա­կա­րա­րել Պա­քուն:

Այս մթնո­լոր­տին մէջ բա­ցո­րոշ է նաեւ, որ տար­բեր տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը տրուին ըն­թա­ցող քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մա­սին: Ճիշդ է նաեւ, որ ցարդ յստակ ա­ռա­ջարկ­ներ չկան, սա­կայն նոյն­պէս ե­րե­ւե­լի է, որ Ղա­րա­բա­ղի մէջ ա­ճած զի­նուո­րա­կան լա­րուա­ծու­թիւ­նը եւ չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մը պի­տի ու­նե­նան ի­րենց տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ: Բա­րե­բախ­տա­բար այս հանգ­րուա­նին կրնան թնդա­նօթ­նե­րը լռած մնալ, սա­կայն ո­րե­ւէ պա­հու հա­կա­մար­տու­թիւ­նը վերս­տին ա­ճե­լու վտան­գին մէջ է. տրուած ըլ­լա­լով, որ եր­կու կող­մե­րը զի­նուո­րա­կան ան­նա­խա­դէպ պատ­րաս­տու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն:

Ե­րե­ւա­նի մօտ դէպ­քե­րուն նա­յե­լու յա­տուկ աշ­խու­ժու­թիւն մը կայ: Եւ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեա­նի հետ ու­նե­ցած հան­դի­պու­մը այդ ա­ռու­մով կա­րե­ւոր փաս­տարկ մըն է: Այս մա­սին կա­րե­լի է եր­կար վեր­լու­ծում­նե­րու շա­րան մը բա­նալ, բայց եւ այն­պէս յստակ է, որ քա­ղա­քա­կան են­թա­դաշ­տին մէջ եւ մա­նա­ւանդ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը լու­ծե­լու կա­պուած ներ­դաշ­նակ քայ­լեր կան: Այս կը նշա­նա­կէ նաեւ, որ Ղա­րա­բա­ղի հար­ցով նոր «ճաշ մը կ՚ե­փուի»: Յստակ է, որ յա­ռա­ջի­կայ զար­գա­ցում­նե­րուն կա­րե­ւոր բա­նա­լին կը գտնուի Մոս­կուա­յի մօտ, ո­րուն հրա­դա­դար կա­յաց­նե­լու ա­ռա­ջար­կը ան­յա­պաղ ձե­ւով կը գոր­ծադ­րուէր ու կող­մե­րը կը կա­տա­րէին ներ­կա­յա­ցուած «հրա­մա­ն­»ը: Պէտք է գի­տակ­ցիլ նաեւ, թէ հայ­կա­կան կող­մը, որ հա­զիւ կրցած էր դուրս գալ շո­քա­յին ի­րա­վի­ճա­կէն, «լսե­ց» Մոս­կուա­յի պատ­գա­մը եւ գետ­նի վրայ իր ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ գրան­ցե­լու ընդ­հա­նուր են­թադ­րու­թիւ­նը մէկ­դի դնե­լով լռե­ցուց իր թնդա­նօթ­նե­րը: Են­թադ­րու­թիւն բա­ռը կ­­՚օգ­տա­գոր­ծեմ, ո­րով­հե­տեւ ո­րե­ւէ պա­տե­րազ­մի պա­րա­գա­յին առ­կայ բո­լոր հա­շուարկ­նե­րը կրնան ա­րա­գօ­րէն փո­խուիլ եւ այն կող­մը, որ վստահ է իր յաղ­թա­նա­կէն, կրնայ ծանր կո­րուստ­նե­րով տու­ժել կամ տե­ղի տալ: Գաղտ­նիք չէ, որ հայ­կա­կան կող­մին հիմ­նա­կան տուեա­լը իր պաշտ­պա­նա­կան ու­ժե­րուն ցու­ցա­բե­րած տո­կու­նու­թիւնն ու կռուե­լու ու­նա­կու­թիւնն է: Սա­կայն այս ներ­գոր­ծօ­նը կրնար ժխտա­կան միա­ւո­րի վե­րա­ծուիլ, ե­թէ Ստե­փա­նա­կերտ չյար­գէր ռու­սա­կան կող­մէն հնչե­ցուած եւ ա­րագ հրա­դա­դար կա­տա­րե­լու ա­ռա­ջար­կու­թիւ­նը:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի Ե­րե­ւա­նի մէջ գրան­ցուող աշ­խու­ժու­թիւ­նը եւ քու­լիս­նե­րու ե­տին տա­րուող աշ­խա­տան­քը կը յու­շեն, որ ար­ցա­խեան ճա­կա­տին վրայ տե­ղի ու­նե­ցող ո­րե­ւէ զար­գա­ցում բա­ւա­րար նե­րուժ ու­նի ազ­դե­լու Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­կան կամ­քի ար­տա­յայ­տի­չը ե­ղող պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նին վրայ:

Ա­ւե­լի՛ն. յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մօտ քա­ղա­քա­կան ան­նա­խա­դէպ զար­գա­ցում­ներ ալ կրնան ե­րե­ւիլ, ո­րով­հե­տեւ Ղա­րա­բա­ղի շուրջ խմո­րուող ո­րե­ւէ դէպք կամ քա­ղա­քա­կան շրջա­դար­ձա­յին ի­րո­ղու­թիւն կրնայ ան­մի­ջա­պէս ազ­դել Ե­րե­ւա­նի վրայ:

Կը մնայ էա­կան հար­ցադ­րու­մը: Ի՞նչ քննար­կե­ցին եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը Շա­բաթ ե­րե­կոյ: Եւ ար­դեօք քննար­կում­նե­րու ա­ռանց­քին մէջ է՞ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցի կար­գա­ւոր­ման կա­պուած ընդ­հա­նուր ա­ռա­ջարկ­նե­րու ծրար մը: Կայ նաեւ խա­ղա­ղա­պահ զօր­քեր Ղա­րա­բաղ հաս­տա­տե­լու մա­սին խօ­սակ­ցու­թիւն եւ այդ քայ­լը կրնայ նա­խա­դէ­պը հա­մա­րուիլ խնդրի կար­գա­ւոր­ման յա­ռա­ջի­կայ քայ­լե­րուն:

Ներ­կայ հանգ­րուա­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած է քա­ղա­քա­կան շփում­նե­րու նոր ձե­ւա­չա­փով եւ այս ա­ռու­մով յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը վստա­հա­բար կա­րե­ւոր նո­րու­թիւն­ներ պի­տի բե­րեն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2016