ՆԱԶԱՐՊԱՅԵՒԻ ԹԵՀՐԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ղա­զա­խիս­տա­նի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Թեհ­րան, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի կող­մէ։ Նա­զար­պա­յեւ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղա­կար­գով։ Եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քը եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հրա­տապ նիւ­թե­րը։ Նա­զար­պա­յեւ մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ Ի­րա­նի գոր­ծա­րար աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ղա­զա­խիս­տա­նի նա­խա­գա­հը Ի­րա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դին՝ Ա­լի Խա­մա­նէ­յի կող­մէ եւս ըն­դու­նուե­ցաւ։

Հարկ է նշել, որ Ղա­զա­խիս­տա­նի եւ Ի­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեանց մի­ջեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հար­ցե­րու շուրջ ներ­կայ փու­լին տե­ղի ու­նե­ցած քննար­կում­նե­րը ու­նին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ բռնկած վեր­ջին լայ­նա­ծա­ւալ բա­խում­նե­րու լոյ­սին տակ։ Ար­դա­րեւ, Ի­րան տա­րած­քաշր­ջա­նի կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րէն մին է եւ վեր­ջին օ­րե­րուն միշտ պա­ղա­րիւ­նու­թեան կո­չեր հնչե­ցին Թեհ­րա­նէն։ Իսկ Ղա­զա­խիս­տան, որ Հա­յաս­տա­նի հետ մաս կը կազ­մէ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան, բա­խում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ա­ռա­ւել չա­փով դիրք գրա­ւեց Ատր­պէյ­ճա­նի կող­քին։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2016